2009-07-08 14:00:33

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (18201901).


Հայր Ղեւոնդ Ալիշան

Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը։ Յուլիս 6ին, 189 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւն կը տիրէր։ Ծնած էր արու զաւակ մը, որուն անունը դրին Քերովբէ։ Ապրեցաւ մինչեւ 1901 թուականը՝ ստեղծագործական բեղմնաւոր կեանքով։ Ապրեցաւ անբասիր վարքով՝ մարմնաւորելով հայ հոգեւորականի սրբակեաց կերպարը։ Ապրեցաւ հանճարեղ անմահներու ճառաայթումով՝ լուսաւորելով ու ջերմացնելով արդի ժամանակներու ՀԱՅուն սիրտն ու հոգին, միտքն ու էութիւնը։ Եւ յաւերժացաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան անունով։

Պոլսոյ ՝՝Չալըխեան՝՝ նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու ՝՝Մուրատ Ռափայէլեան՝՝ բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին՝ արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած ՝՝Բազմավէպ՝՝ հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։ 1848ին նշանակուեցաւ Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով ՝՝Բազմավէպի՝՝ խմբագրութիւնը (18491851)։

Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չձգեցին երիտասարդ Ալիշանին, որ ՝՝Բազմավէպի՝՝ էջերուն լոյս ընծայեց ՝՝Նահապետ՝՝ ստորագրութեամբ իր ազային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ ՝՝Պլպուլն Աւարարայրի՝՝, ՝՝Հայոց Աշխարհիկ՝՝, ՝՝Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց՝՝, ՝՝Բամբ Որոտան՝՝ եւ ՝՝Նուագք՝՝ շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի ՝՝Նահապետի երգերը՝՝ ոչ միայն նոր ուղի բացին Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը թարմացուցին ու յառաջ մղեցին վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատարական զարթօնքին կրակը վառեցին ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։

1849ին բռնկած իտալա-աւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի դասաւանդութիւնները կառկախուին։ 1850ին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գէորգ Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան կ'անցնի Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք Մուրատ Ռաֆայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ կ'ուղարկուի Լոնտոն։ Ալիշան կ'երկարաձգէ Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քեմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագիրներու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն կը քննէ, այլեւ՝ կը ցանկագրէ իր գտած հայկական բոլոր ձեռագիրները։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, կը շրջի եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կանտ՝ Պելճիքա։ Վենետիկ կը վերադառնայ 1853ին։

Համաշխարհային մշակոյթի ու մտքի մեծ կեդրոններուն հետ մօտէն շփումի ծառայած այդ տարիները հիմնական շրջադարձ առաջացուցին Ալիշանի հետագայ գործունէութեան մէջ։ Բանաստեղծն ու գրաբարով ստեղծագործող Հեղինակը, Ալիշանի մէջ, իրենց տեղը զիջեցան ազգային շունչով, աշխարհաբարով եւ յառաջդիմական մտածողութեամբ սերունդ հասցնող Դաստիարակին եւ, միեւնոյն առաջադրանքով, բանասիրական ու պատմագիտական բնագաւառներու մէջ կոթողական աշխատասիրութիւններ իրագործող Գիտաշխատողին եւ գաղափարական շարժում հունաւորող Մտաւորականին։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատութեանց։ Այդ շրջանին, ՝՝Մուրատ Ռափայէլեան՝՝ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859էն 1861 դասաւանդեց նաեւ Փարիզի ՝՝Մուրատեան՝՝ վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանումը 22 Նոյեմբեր 1901ին, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխատասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.