2009-07-07 14:01:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի օրը, Հայիթիի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը ընդունելով, Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան օգնութեան հասնելու՝ Հայիթիի ժողովուրդին։

Հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը դրական նշաններ ցոյց տայ Հայիթիի կարիքաւոր ժողովուրդին։ Հայիթիի ժողովուրդին իրաւունքն է ապրիլ արժանաւոր ու անվտանգ կեանք մը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ համայն մարդկութեան պաշտպանելու՝ ՜՜բնութիւնը՝՝ ընդգծելով՝ որ ամէնքս կանչուած ենք այդ մարտահրաւէրին։

Բնութիւնը բոլորիս համար է, ըսաւ Սրբզ. Հայրը, ուստի ամէնքս կանչուած ենք պաշտապնելու ու պահպանելու զայն, ոչ թէ մեր ներկայ սերունդին համար այլ եւ ապագայ սերունդին համար։

Նոյնպէս նորին սրբութիւնը հրաւիրեց Հայիթիի բնակիչները, կերտելու՝ ՜՜ընկերութիւն մը աւելի զօրավիգ եւ աւելի արդար՝՝ եւ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Հայիթիի ժողովուրդին համար, որ կարչած է մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն, ինչպէս. կեանքի պաշտպանութիւնը, ընտանիքի սէրը, պատասխանատուութեան ոգին եւ հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ որ բնաւ առանձին չի թողուր անոնք որոնք ԻՐԵՆ կը վստահին։

Իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց նոր սերունդի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որ ապագայի համար առաջնահերթութիւն մըն է։

Նոր սերունդին դաստիարակութիւնը , ըսաւ Սրբզ. Հայրը, նախապայման է զարգացնելու եւ բարգաւաճելու մարդկային կեանքին որակը, թէ անհատական եւ թէ ընկերային մակարդակի վրայ, մատնանշելով որ աղքատութեան դրդապատճառը մշակոյթի բացակայութիւնն է։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Ս. Աթոռի եւ Հայիթիի միջեւ ստորագրուած դաշնագիրի 150-րդ տարեդարձը, որ ամենահինն է Ամերիկայի մէջ։

Յայտնենք թէ Հայիթիի բնակչութեան 80 տոկոսը կաթողիկէ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.