2009-07-07 14:02:06

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին ցաւակցագիրը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառին


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապարիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը, ի լուր՝ Ներսէս Արք. Պոզապալեանի մահուան, առ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, հետեւեալ ցաւակցական նամակը գրեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին.



Յոյժ Սիրելի Եղբայր ի Քրիստոս,

Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ուխտի Միաբան եւ Հրատարակչական Մարմնի Ատենապետ՝ Գերշ. Տէր Ներսէս Արք. Պօզապալեանի մահուան գոյժը, երկար հիւանդութենէ մը ետք, որ տեղի ունեցաւ 27 Յունիս 2009ին, Գիւտ Նշխարաց Ս. Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին տօնին օրը։

Կը մասնակցինք աղօթքով ձեր մեծ այս սուգին եւ կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները Ձեզի, Միաբանութեան բոլոր անդամներուն եւ հանգուցեալին հարազատներուն։

Կը բարձրացնենք մեր աղօթքը առ Ամենակալն Աստուած հայցելով որ անսասան պահէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսական Աթոռը եւ ծաղկեցնէ ու հարստացնէ զայն նորանոր կոչումներով ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն Մայր Հայրենիքին եւ համայն հայ ժողովուրդին։



Աղօթից Միութեամբ՝

Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.