2009-07-06 12:57:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Հօր նամակը ուղղուած՝ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիին, Աքուիլիայի մէջ կատարուելիք 8 Մեծերու ժողովին առթիւ։ 


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 6 Յուլիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց

- Տիար Գարլ-Հանրի Կիթոյի` Հայիթիի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը,

- Կարտինալ Լիովերա` վարիչը աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման ժողովին,

- Ս. Աթոռի մօտ Եւրոխորհուրդի յանձնախումբի պատուիրակութեան գլուխը` տիար Լուիս - Ռիթօ, հրաժեշտի այցելութիւն,

- Տիար Մոլինա` Կութեմալայի դեսպանը, հրաժեշտի այցելութիւն։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին նամակը ուղղուած՝ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիին, Աքուիլիայի մէջ կատարուելիք 8 Մեծերու ժողովին առթիւ։

Իր այս նամակով Նորին Սրբութիւնը բանբերը կը հանդիսանայ երրորդ աշխարհի թերաճ երկիրներուն, որոնք առաջին զոհերն են ներկայ ֆինանսական ու տնտեսական տագնապին եւ որուն ժխտական հետեւանքները ծանր կը կշռեն աղքատ ժողովուրդներու վրայ։

Ի տես Աքուիլա քաղաքը կատարուելիք 8 Մեծերու ժողովին Յուլիս 8-10, Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղղեց Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիին ՜՜թարգմանը հանդիսանալու եւ դատը պաշտպանելու թերաճ եւ աղքատ երկիրներուն՝՝։ Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ կը խօսի 2008ի տնտեսական ու ֆինանսական համաշխարհային տագնապին մասին ու անոր ժխտական ազդեցութեան, ընչազուրկ ժողովուրդներուն վրայ դրամական, դաստիարակչական եւ կլիմայական մարզերէն ներս։

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով՝ 8 մեծ պետութիւններու պատասխանատուները իր վստահութիւնը կը յայտնէ որ ՜՜գումարուելիք այս ժողովը՝՝ դրական արդիւնքներ պիտի բերէ։ Սրբազան Քահանայապետը կարգ մը թելադրութիւններ կը բանաձեւէ ներշնչուելով անցեալ շաբաթ իր հրապարակած՝ ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթէն, որուն ներկայացումը միջազգային մամուլին առջեւ պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օրը։

՜՜Աղօթքս է, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը,որ համախոհ լուծումներ գտնէք, որոնք ունենան ՜՜դրական ազդեցութիւն՝՝ աշխարհի տնտեսութեան, խաղաղութեան ու միջազգային անվտանգութեան վրայ, լուծումներ՝ որոնք համապատասխան ըլլան միլիոնաւոր ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն եւ յոյսերուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս 8 Մեծերէն կը պահանջէ թերաճ երկիներու պարտքերու ջնջումը, որպէսզի անոնք կարելիութիւն ունենան նուաճելու աղքատութիւնը եւ սկսին բարգաւաճիլ։

Յայտնենք թէ՝ 2008ի ֆինանսական ու տնտեսական տագնապին առաջին ու գլխաւոր զոհերը եղան աղքատ ժողովուրդները, որոնց արդար իրաւունքն է տարրական բարօրութիւն ունենալ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ թէ՝ ՜՜դաստիարակութիւնը սերտօրէն կապուած է միջազգային համագործակցութեան արդիւնաւորութեան հետ՝՝։ Դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է հանրավարութեան գործադրութեան, կաշառքի դէմ պայքարին, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքի գործադրութեան ու նաեւ ժողովուրդներու վերելքին համար։

Հետեւաբար, շատ կարեւոր է ներդրում կատարել մարդոց վրայ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը 8 Մեծ պետութիւններու պատասխանատուներուն կը յիշեցնէ թէ իրենց առնելիք քաղաքական յանձնառումները համապատասխանեն միջազգային հասարակութեան բարոյականին ու հարկաւորութիւններուն, ինչպէս. խաղաղութիւնը, համաշխարհային անվտանգութիւնը, ապազինումը, աոռղջապահութիւնը եւ բնապահպանութիւնը։

Ութը Մեծերը կանչուած են անսալու Ափրիկէի եւ տնտեսապէս ոչ բարգաւաճ պետութիւններու ձայնին։ Սրբազան Քահանայապետը իր նամակը կ'եզրափակէ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով Ութը Մեծ պետութիւններու ժողովին յաջողութեան համար։

Պենետիկտոս ԺԶ ի Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները



Յուլիս ամսուան համար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթելու, որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար որպէսզի անոնք, կարողանան ապրիլ իրենց հաւատքը ամենայն ազատութեամբ ու դառնան ՜՜միջոց հաշտութեան ու խաղաղութեան՝՝։

Իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն` որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ սերմը ու բջիջը հաշտուած մարդկութեան մը, ու միանայ Աստուծոյ միակ ընտանիքին, շնորհիւ՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու հաւատացեալներու ՜՜վկայութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.