2009-07-06 13:02:22

Ոչ եւս է գերյարգելի Հ. Կղմէս Ծ. վրդ. Մալճեան։

 


Ոչ եւս է գերյարգելի Հ. Կղմէս Ծ. վրդ. Մալճեան։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Արծիւեան միաբանութիւնը եւ Մալճեան ընտանիքը կը գուժեն վախճանումը գերյարգելի Հ. Կղմէս Ծ. Վրդ. Մալճեանին, որ պատահեցաւ Շաբաթ 4 Յուլիս 2009-ի երեկոյեան, Պէյրութի Քրիստոս Թագաւոր հիւնադանոցին մէջ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի 6 Յուլիս 2009-ին Զմմառու մայրավանքին մէջ։

Ողբացեալ վարդապետը՝ Հայր Կղմէս Ծ. վրդ. Մալճեան, ծնած է Հալէպ(Սուրիա) 14 Օգոստոս 1924-ին։ Զմմառու մէջ իր երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, ան յաճախած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանը՝ ստանալու եկեղեցական ուսումները։ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ վարժարան ղրկուած է 31 Օգոստոս 1946-ին ուր եւ աւարտած է աստուածաբանութեան ուսումները։

Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 3 Ապրիլ 1949-ին։

Հայր Կղմես երկար ժամանակ պաշտօնավարած է Լիբանանի մէջ, ապա առաքուած՝ Պրազիլ Սան Բաուլօ որպէս ժողովրդապետ։ Ան եղած է ժողովրդապետը Պուէնոս Այրէսի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսայի Լիոն քաղաքի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետը, որմէ ետք անցած է Լիբանան Զմմառու վանքը։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի իր արքայութեան մէջ ընդունի ողբացեալ վարդապետը եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Զմմառու պատրիարքական Արծիւեան միաբանութեան ու Մալճեան ընտանիքին։

  









 








All the contents on this site are copyrighted ©.