2009-07-06 13:40:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 





ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ՝ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ։ Երէկ Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Սահմանադրութեան Օրը։ Այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին յղեց ուղերձ մը։ Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կըսուի ՝՝Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը շնորհաւորում եմ ձեզ Սահմանադրութեան Օրուայ առթիւ։ Մայր օրէնքն այն հիմնական ուղենիշն է, որով մենք առաջնորդւում ենք մեր պետութեան կայացման, հասարակական յարաբերութիւնների կարգաւորման, եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման գործում իմ համոզմամբ՝ սահմանադրութեան ուժը հիմնւում է Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացու կամքի վրայ, այն մարդկանց կամքի վրայ, ովքեր պատրաստ են պաշտպանելու Հայոց պետականութեան զարգացման հիմքում դրուած արժէքներն ու կենսաձեւը։ Սահմանադրութեամբ հռչակուած սկզբունքներն անկիւնաքարային նշանակութիւն ունեն, որոնք կեանքի կոչելը մեր ողջ պետական քաղաքականութեան, իրաւաստեղծ գործունէութեան եւ հասարակութեան գերագոյն խնդիրը պէտք է լինի։ Այս ճանապարհով է միայն հնարաւոր սահմանադրական հիմնարար արժէքները դարձնել ապրող իրողութիւն եւ երկրում ամրապնդել սահմանադրական ժողովրդավարութիւն։ Կրկին շնորհաւորում եմ Սահմանադրութեան Օրուայ առթիւ եւ մաղթում ձեզ ամենայն բարիք՝՝։



ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԱԼԻԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթ օր ընդունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչները, որոնք մէկ օր առաջ Երեւանէն մեկնած էին Պաքու։ Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Առաւօտ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան, Մետիամաքս լրատու գործակալութեան տնօրէն Արա Թադեւոսեան, Նովոյէ Վրեմիա թերթի մեկնաբան Արմէն Խանբաբեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Հերմինէ Նաշտալեան եւ Մխիթար Մնացականեան, ճանչցուած ֆութպոլիստ, ծնունդով պաքուցի Էդուարդ Մարարով, Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներ։ Հայ-Ազրպէյճանական մտաւորականներու խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակութային

համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏՈՐԱ ՊԱՔՈՅԱՆԻՍԻ ՀԵՏ։ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանիս 2 յուլիսին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով։ Նոյն օրը, ան հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ՝ Երեւանի Արմենիա Մարիոթ պանդոկին մէջ։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահն ու ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, որ կը զբաղի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ճակատին վրայ դիտարկումի կայացումին հարցերով։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ 80 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ։ Համաշխարհային Դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է Զարգացման քաղաքականութեան գործառնութեան նոր ծրագիրը, որով Հայաստանի պիտի տրամադրուի 60 միլիոն տոլար։ Համաշխարհային Դրամատան Երեւանի Գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիս տեղեկացուցած, որ նշուածը մէկն է այն երեք վարկային ծրագիրներէն, որոնք պիտի իրականացուին Հայաստանի մէջ տարուան ընթացքին։

ԻՐԱՆ։ ՔՈՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԵՏԱԶՕՏՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ԴԷՄ ։ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հասած յայտարարութեան մը համաձայն, Իրանի բարեկարչականներուն զօրակցող կրօնաւորներու խմբաւորում մը կը բողոքէ 12 յունիսի նախագահական ընտրութեան արդիւնքին դէմ։ Իրանի կրօնաւորներու կեդրոնը եղող Քոմի կրօնական խմբաւորումը բարեկարչամէտ մարմին մըն է, որ Քոմի կրօնական ուսումնարանի պահպանողական Մասնագէտներու ընկերակցութիւնը հակակշռող մարմին մը կը նկատուի։

Բարեկարգչական կրօնաւորները, իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու յետ-ընտրական բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած անձերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.