2009-07-04 13:02:41

Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքի կոչը քրիստոնեաներու միութեան համար։


Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքի կոչը քրիստոնեաներու միութեան համար։

Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը գերերջանիկ ֆուատ Թուալ Հովուական առաջին թուղթ մը գրած է ուղղուած Ս. Երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն` Պաղեստինի, Իսրայէլի, Յորդանանի եւ Կիպրոսի հաւատացեալներուն։ Հովուական թուղին վերնագիրը. ''Միութիւն զանազանութեան մէջ''։ Ս. Երկրի քրիստոնեաներու բաժանումները հետեւանքն է մարդու մեղքին ու կիրքին, կը բացայայտէ Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը, որովհետեւ այդ բաժանումները կապ չունին բազմազանութեան հետ։ Պետք ենք աշխատիլ վերահաստատել միութիւնը, որուն հիմն է մեր միակ հաւատքն է Քրիստոսի մէջ։ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը կայանայ դաւանանքի մէջ, անոր զանազանութիւնը պտուղն է հաւատքի ապրումի ու մշակոյթի։ Ապա պատրիարքը կ'ընդգծէ թէ Եկեղեցւոյ միութիւնը կ'իրականանայ նախ եւ առաջ սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի մէջ։ Ապա Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը իր հովուական թուղթին մէջ կ'անդրադառնայ հրեաներու կատարած տմարդի յարձակումի պաղեստինցիներու դէմ որուն հետեւանքով 1500 հոգիներ մեռան եւ շատերուն տուները կործանուեցան։ Թուալ պատրիարքը անգամ մը եւս դատը պաշտպանեց գրելով թէ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքն է ձգտիլ ազատութեան եւ ինքնավարութեան։ Պաղեստինցիները հրեայ ժողովուրդին նման կ'ուզէ ունենալ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն։ Վերջապէս կարելի չէ հաստատել խաղաղութիւնը առանց արդարութեան։ Հուսկ Թուալ Պատրիարքը ցաւ կը յայտնէ թէ այդ վերջին ընդհարումով Ս. Երկրի քրիստոնեաներու թիւը դարձեալ վերածուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.