2009-07-03 14:02:41

ՊԵնետիկտոս ԲԶ. Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԲԶ. Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Ուրբաթ` յուլիս 13, Պենետիկտոս ԲԶ. Քահանայապետը ընդունեց.

կարտինալ Մարգ Ուելէն առաջնորդը Գանատայի Քեպեք թեմին,

Գերապայծառ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը Սուրբերու Դատին

Հուսկ ընդունեց Վիէթնամի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ , հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Աղօթքի հսկում Աքուիլա քաղաքի մէջ ի պատրաստութիւն 8 մեծ պետութիւններու ժողովին



Յառաջիկայ յուլիս 8-10 Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ 8 մեծ պետութիւններու ժողովը, այս առթիւ Աքուիլայի եկեղեցին աղօթքի հսկում կազմակերպեց, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Մոլինարիի։

Հաւաքին ընթացքին հաւատացեալները աղօթեցին որպէսզի աշխարհի հզօրագոյն պետութիւններու պատասխանատուները որդեգրեն վճիռներ ի նպաստ հասարակաց բարիքին, եւ մասնաւորապէս նկատի ունենան բոլոր այն հաւաքականութիւնները որոնք ինչազուրկ ու անպաշտպան կացութեան մէջ կը գտնուին։

Նոյնպէս Իտալիոյ կաթողիկէ եղբայրակցութիւններու մէկ պատուիրակութիւնը ներկայացաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց, ֆինասնի եււ առեւտուրի նախարարներու եւ անոնց յանձնեցին վաւերաթուղթ-կոչ մը ''յոյսի օրացոյց'' վերտարութեամբ, որով կարգ մը հարցումներ կ'ուղղեն 8 մեծ պետութիւններու։ Վաւերաթուղթը կ'ընդգծէ սերտ կապը որ կայ աղքատութեան, կլիմայի յեղաշրջումի, գաղթականութեան եւ հում հարստութիւններու տիրանալու պատերազմի միջեւ։ Նոյնպէս կոչ կ'ուղղեն ազգերու պատասխանատուներուն որ կարգադրութիւններ որդեգրեն որ կը մտին ամէն անհատի ամբողջական զարգացումը։ 8 հզօր պետութիւններու ժողովին աւարտին ԱՄՆԻ հանրապետութեան նախագահ Օպաման այցելութիւն կը կատարէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, նոյնպէս եւ Ճաբոնի նախարարապետը տեսակցութիւն պիտի ունենայ Հռոմի Պապին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.