2009-07-03 14:06:59

Լուրեր հայ աշխարհէն
Այս տարի ԼՈՅՍ հիմնադրամը մօտաւորապէս 400 միլիոն դրամի չափ աչակցութիւն ցուցաբերած է աշխարհի հանրայայտ համալսարաններ ընդունուած հայ ուսանողներուն։


Լուրեր հայ աշխարհէն
Այս տարի ԼՈՅՍ հիմնադրամը մօտաւորապէս 400 միլիոն դրամի չափ աչակցութիւն ցուցաբերած է աշխարհի հանրայայտ համալսարաններ ընդունուած հայ ուսանողներուն։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ ''Լոյս'' բարեգործական հիմնադրամի կրթական ծրագրի տնօրէն Ժաքլին Կարաասլանեան վերջերս այցելած են Երեւանի պետական համալսարան։ Անոնք ուսանողներու հետ իրենց հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են հիմնադրամին գործունէութիւնը եւ աջակցութիւնը, որ ցուցաբերած է աշխարհի յայտնի համալսարաններու մէջ ուսանող հայ ուսանողներուն։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ հիմնադրամը, որուն անդամ է ինք անձամբ, ստեղծուած է Հայաստանի նախագահին բարձր հովանաւորութեան տակ, կը զբաղի մշակութային, գիտական եւ կրթական հարցերով։ Ան անդրադառնալով կրթական բաղադրիչին՝ նշած է, որ արդէն պատրաստուած է հիմնադրամին այս տարուան կրթական ծրագիրը, որուն պիւտճէն շուրջ 400 միլիոն դրամ է։ Կրթական ծրագիրը պիտի իրագործուի խորհուրդի մը միջոցով, որուն մաս կը կազմեն՝ Հայաստանի վարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգիսեանը, Կեդրոնական դրամատան փոխնախագահ Վաչէ Գաբրիէլեանը, Ազգային Ժողովի երեսփոխան Անահիտ Բախշեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մը եւ ուրիշներ։
Ըստ Լոյս հիմնադրամի տնօրէն Ժ Կարաասլանեանի, հիմնադրամին գործունէութիւնը ծաւալած է շուրջ 4 ամիսէ ի վեր եւ արդէն ստացած է մեծ թիւով դիմումներ։ Հիմնադրամին առաքելութիւնն է՝ նպաստել համաշխարհային համբաւ ունեցող համալսարաններու մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու թուաքանակի յաւելումին եւ ստեղծել համընդհանուր հայկական երիտասարդական ցանց։ Ժ Կարաասլանեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ հիմնադրամին կողմէ ուսանողական կրթաթոշակի օժանդակութիւն կը ստանան այն երիտասարդները, որոնք այս տարի ընդունուած են առաջնակարգ որեւէ համալսարան, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած է իր բարձր չափանիշներով։ Իսկ Լոյս հիմնադրամին դիմում կատարողները պէտք է ըլլան՝ ծագումով հայ, Հայաստանի քաղաքացի կամ ունենան հայկական արմատներ։ Օժանդակութիւն ստացող ուսանողները պիտի ընտրուին յուլիսի կիսուն՝ 2009-ի աշնանային ընդունելութեան համար։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.