2009-07-03 14:03:03

Էջ մը հայ երաժշտութենէն
Այսօր պիտի խօսինք ժԸ. դարու նշանաւոր երաժիշտ Արութին Թամբուրչի Քիւչիւկի մասին


Էջ մը հայ երաժշտութենէն
Այսօր պիտի խօսինք ժԸ. դարու նշանաւոր երաժիշտ Արութին Թամբուրչի Քիւչիւկի մասին
Արութին Քիւչիւկ՝ ժԸ. դարու նշանաւոր երաժիշտը, զարգացուցած է արեւելեան գործիքային երաժշտական աւանդները։
Ան միաժամանակ եղած է անգերազանց վարպետ կատարող, մանկավարժ եւ գիտնական։
Արութին եղած էր պարսից ինքնակալ Նատիր Շահի պալատական երաժիշտը, տեղափոխուելով Կ. Պոլիս այնտեղ եւս պալատական երաժիշտ եղած է։ Տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ բազմագիտակ հայորդին հմուտ էր արեւելեան շարք մը լեզուներու ինչպէս պարսկերէն եւ թրքերէն լեզուներու։ Մասնագէտ էր բազմաթիւ երաժշտական աշխատութիւններու եւ գրած էր ՜՜Ձեռնարկ Արեւելեան Երաժշտութեան՝՝ խորագրով գիրք մը, որուն մէջ յստակ կերպով կը յայտնուի հեղինակին հարուստ իմացութիւնը երաժշտութեան ասպարէզէն ներս։ Սոյն գիրքը մեծ աւանդ էր այդ ժամանակաշրջանի արեւելեան երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Գրականագէտ եւ արուեստաբան Գարեգին Լեւոնեանի համաձայն Արութին Քիւչիւկ թրքա-հայկական աշուղական դպրոցի գլխաւորն ու հիմնադիրն է։ Հայատառ թրքերէնով գրած է նաեւ Նատիր Շահի դէպի Աֆղանիստան եւ Հնդկաստան կատարած արշաւանքին պատմութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.