2009-07-03 13:29:41

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 



ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԻԹԸՐ ՍԵՄՆԵՊԻԻ ՀԵՏ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի հետ եւ քննարկեց ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարներուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր։ Ան նշեց, որ առանց ղարաբաղեան կողմի անմիջական մասնակցութեան, կարելի չէ հասնիլ տագնապի լիարժէք լուծումին։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան։



ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ։Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Ռիատ Նասսան Աղան։ Բարձր գնահատելով հայ-սուրիական յարաբերութիւնները, նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները կապուած են պատմութեամբ ստուգուած աւանդական բարեկամութեամբ եւ փոխադարձ համակրանքով, իսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յունիսին Հայաստան կատարած այցելութիւնը լուրջ խթան էր երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման եւ հետագայ խորացման համար։

Նասսան Աղա, Նալբանդեանին ներկայացուց Երեւանի մէջ Սուրիոյ Մշակութային շաբթուան շրջագիծին մէջ նախատեսուած ձեռնարկները՝ ընդգծելով մշակութային մարզին մէջ փոխանակումներու աշխուժացումը՝ իբրեւ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններու խորհրդանիշ մը եւս։ Նախարար Նասսան Աղա կարեւոր նկատեց Սուրիոյ հայկական համայնքին դերն ու ներդրումը Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ։



ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ ԷՐ։ Երէկ Մատենադարանին մօտ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր Հայ Ազային Քոնկրեսի հանրահաւաքը՝ ներկայութեամբ 1-2 մարտ 2008-ին կալանաւորուած եւ համաներումով վերջերս ազատ արձակուած ընդդիմադիր գործիչներուն։ Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը մեծագոյն յաղթանակն էր՝ ձեռք բերուած ժողովուրդի հերոսական պայքարին շնորհիւ։ Յիշեցնելով, որ բանտարկեալներէն ոչ մէկը ընկրկեցաւ մէկուկէս տարուան ընթացքին, Տէր Պետրոսեան խիզախ քայլ որակեց Նիկոլ Փաշինեանի՝ ընդյատակէն դուրս գալու եւ իրաւապահ մարմիններուն յանձնուելու որոշումը։



ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ։Համահայկական երիտասարդական 7-րդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ 10-15 օգոստոս՝ Երեւանի մէջ։ Այս համագումարին նպատակն է Հայաստան - Արցախ - Սփիւռք կապերու ամրապնդումը եւ ազգային հիմնախնդիրներու լուծման նպաստումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան աջակցիլը։

Համագումարը, զոր կը կազմակերպէ Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն հիմնադրամը, պիտի կայանայ ՝՝Համագործակցութիւն՝՝ նիւթին ներքեւ։ Համագումարին մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու համագումարին մասնակից կազմակերպութիւններուն եւ համայնքներուն գործունէութիւնը եւ պիտի փորձեն գտնել համաործակցութեան եզրեր։ Հանդիպումներ եւ քննարկումներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Հայաստանի պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներուն հետ՝ Ծաղկաձորի եւ Երեւանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.