2009-07-02 13:08:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագրերը Գոմորի օդանաւային աղետի զոհերուն եւ Իտալիոյ Վիառեճօ շրջանի պատահած շոգեկառքի արկածի աղետեալներու։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագրերը Գոմորի օդանաւային աղետի զոհերուն եւ Իտալիոյ Վիառեճօ շրջանի պատահած շոգեկառքի արկածի աղետեալներու։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը Գոմորի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային աղետին։

Ի լուր Եամանի պատկան օդանաւային ընկերութեան պատահած ողբերգութեան Գոմորի մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց շրջանի առաքելական դեսպանին որպէսզի Եամանի կառավարութեան ու զոհերու պարագաներուն ներկայցնէ Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը, կը կարդանք հեռագիրին մէջ, իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը ու մխիթարէ անոնց պարագաները։

Նոյնպէս Սրբազան հայրը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Իտալիոյ Վիարեճօ շրջանին պատահած շոգեառքի արկածին, որ մեծ վնասներ պատճառեց շրջանի բնակիչներուն։ Սրբազան Հայրը շուտափոյթ առողջութիւն կը մաղթէ վիրաւորեալներուն եւ կ'աղօթէ ննջեցեալներուն հոգիներուն, խնդրելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիմաի մայրական պաշտպանութիւնը բոլոր աղետեալներու վրայ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

''Սէր ճշմարդութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթի ներկայացումը մամուլին



Երեքշաբթի յուլիս 7ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Սէր ճշմարդութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին։ Ներկայացումը կը կատարեն կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Բոլ Ժոսէֆ Գորտես` նախագահը Վատիկանի ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած բարեսիրական մարմինին, Գերապայծառ Գրեբալտի` քարտուղարը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին եւ փրոֆեսոր Ստեֆանօ Զամանի` դասախօս Պոլոնիա համալսարանի տնտեսական քաղաքականութիւն մասնաճիւղի եւ խորհրդատու Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին։ Յայտնենք` ''Սէր ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը Սրբազան Քահանայապետէն ստորոգրուած 29 յունիս 2009ին, տօն՝ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն, կը նպատակադրէ խորացնել մեր ժամանակաշրջանի բարգաւաճումի կարգ մը նիւթեր ''սէրը ճշմարտութեան մէջ'' լոյսով։ Ձեր աղօթքին կը յանձնեմ Եկեղեցւոյ այս նոր նպաստը մարդկութեան ի խնդիր,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի մարդկային ամէն բարգաւաճում ու զարգացում կատարուի մարդկային արժանաւորութեան յարգանքով եւ ի շահ ամէնուն ու անոնց իսկական պահանջքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.