2009-07-02 13:08:07

Լուրեր Սփիւռքէն Ու Հայաստանէն։


Լուրեր Սփիւռքէն Ու Հայաստանէն։



Յուլիս 15-էն կը սկսի իրականացուիլ Երեւան-Հռոմ նոր թռիչքը։

՝՝Արմավիա՝՝ օդային ընկերութիւնը Յուլիս 15էն սկսեալ պիտի իրագործէ Երեւան-Հռոմ ուղիղ թռիչքը։ Ընկերութեան մամուլի քարտուղար Նանա Աւետիսովան, յայտնեց թէ այս թռիչքը Ցիւրիխէն եւ Պեռլինէն յետոյ երրորդ Եւրոպական քաղաքն է, որու հետ այս տարուայ ընթացքին Արմավիան նոր թռիչք կը հաստատէ։ Առայժմ թռիչքը շաբաթական մէկ օր՝ Չորեքշաբթի օրերը պիտի իրականացուի։ Նանա Աւետիսովայի տեղեկութեան համաձայն՝ ամառնային շրջանին Արմավիա պիտի վերսկսի նաեւ կատարել Երեւան-Մարսէյլ թռիչքները։



400 միլիոն դրամ աջակցութիւն՝ հայ ուսանողներուն ։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ ՝՝Լոյս՝՝ բարեգործական հիմնադրամի կրթական ծրագրի տնօրէն Ժաքլին Կարաասլանեան 27Յունիսին այցելած են Երեւանի պետական համալսարան։ Անոնք ուսանողներու հետ իրենց հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են հիմնադրամին գործունէութիւնը եւ աջակցութիւնը, որ ցուցաբերած է աշխարհի յայտնի համալսարաններու մէջ ուսանող հայ ուսանողներուն։

Հայաստանի վարչապետը իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ հիմնադրամը, որուն անդամ է ինք անձամբ, ստեղծուած է Հայաստանի նախագահին բարձր հովանաւորութեան տակ, կը զբաղի մշակութային, գիտական եւ կրթական հարցերով։ Ան անդրադառնալով կրթական բաղադրիչին՝ նշած է, որ արդէն պատրաստուած է հիմնադրամին այս տարուան կրթական ծրագիրը, որուն պիւտճէն շուրջ 400 միլիոն դրամ է։ Կրթական ծրագիրը պիտի իրագործուի խորհուրդի մը միջոցով։ Ըստ ՝՝Լոյս՝՝ հիմնադրամի տնօրէն Ժ. Կարաասլանեանի, հիմնադրամին գործունէութիւնը ծաւալած է շուրջ 4 ամիսէ ի վեր եւ արդէն ստացած է մեծ թիւով դիմումներ։ Հիմնադրամին առաքելութիւնն է՝ նպաստել համաշխարհային համբաւ ունեցող համալսարաններու մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու թուաքանակի յաւելումին եւ ստեղծել համընդհանուր հայկական երիտասարդական ցանց։ ՝՝Լոյս՝՝ հիմնադրամին դիմում կատարողները պէտք է ըլլան՝ ծագումով հայ, Հայաստանի քաղաքացի կամ ունենան հայկական արմատներ։ Օժանդակութիւն ստացող ուսանողները պիտի ընտրուին Յուլիսի կիսուն՝ 2009-ի աշնանային ընդունելութեան համար։ Ծրագիրին վերաբերող այլ

մանրամասնութիւններու տեղեկանալու կամ դիմում ներկայացնելու համար կարելի է օգտուիլ www.luys.am կայքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.