2009-07-02 13:34:45

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 





ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ- ՍԵՄՆԵՊԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ։

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին։ Հանդիպման ընթացքին նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Սեմնեպի քննարկեցին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան տարբեր մարզերուն վերաբերող հարցեր։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման եւ արցախեան տագնապի լուծման վերաբերեալ։



ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ'ԸՆԴՈԻՆԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը երէկ ընդունեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիադ Նաասան Աղային։ ՀՀ վարչապետը ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը, յատկանշական համարեց, որ Սուրիոյ նախագահի այցելութեան անմիջապէս յաջորդեց Հայաստանի մօտ Սուրիոյ մշակոյթի օրերու կազմակերպումը՝ որպէս երկկողմանի համագործակցութեան նոր դրսեւորում։ Նախարար Ռիադ Նաասան Աղան ՀՀ վարչապետին փոխանցեց Սուրիոյ վարչապետի ջերմ ողջոյնները։



ԵԱՀԿ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԱՅՑԵԼԷ։ ԵԱՀԿ-ի նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանիս պաշտօնական այցելութեամբ մը Ազրպէյճան այցելած է։ Տորա Պաքոյանիս Հայտար Ալիեւ միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Ազրպէյճան կայցելէ ԵԱՀԿ-ի նախագահի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանգամանքով։ ԵԱՀԿ-ի նախագահը երէկ հանդիպում ունեցաւ ազրպէյճանական կուսակցութեանց ղեկավարներուն հետ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, Շուշիի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Պայրամ Սաֆարովի հետ։Պաքոյանիս այսօր հանդիպում կ'ունենայ ազրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի, եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ապա Պաքուէն պիտի մեկնի Երեւան։



ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ՅՈՒՍԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ(ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԵՐԶԼԵԱՔՈՎ)։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով ազրպէյճանական Թրենտ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պիտի այցելեն,հանդիպում ունենալու համար նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան ըսած է, թէ մենք շրջան պիտի գանք պատրաստելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ յուլիսի կիսուն Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումը։Մերզլեաքով նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի այս հանդիպումը շինիչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունենայ։



ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ։

՝՝Ազատութիւն՝՝ Ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ երէկ դատախազութեան յանձնուած է 1-2 մարտ 2008-ի դէպքերէն ետք հետախուզութեան մէջ գտնուող ՝՝Հայկական ժամանակ՝՝ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանը։Յունիսի աւարտին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր ընդյատակէն դուրս գալու եւ պայքարը բանտին մէջ շարունակելու իր որոշումը։ Իր տարածած յայտարարութեան մէջ Փաշինեան գրած էր, որ ընդյատակէն բանտ տեղափոխուելու իր որոշումը ՝՝արդիւնաւէտ քաղաքական պայքարը շարունակելու մտահոգութեամբ թելադրուած է՝՝, եւ եկած է ՝՝քաղաքական բանտարկեալ դառնալու իր կարգը՝՝։ Նիկոլ Փաշինեան մեղադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի երեք յօդուածներով։ Ան կը մեղադրուի խռովարարութիւններու կազմակերպման, իշխանութեան ներկայացուցիչի դէմ բռնութիւն գործադրելու եւ օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով հրապարակային հաւաք կազմակերպելու եւ կայացնելու յանցանքներով։ Փաշինեանին առաջադրուած մեղադրանքներուն համար Քրէական օրէնսգիրքով կենթադրուի 4-10 տարուան բանտարկութիւն։Ըստ 19 յունիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդունած համաներման մասին որոշումին, պատիժէն կազատին մարտեան իրադարձութիւններուն առիթով առաւելագոյնս 5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուածները։








All the contents on this site are copyrighted ©.