2009-07-01 12:57:18

Համաշխարհային և Աւանդական կրօններու առաջնորդներու Գ. համագումարը Աստանայի մէջ


Համաշխարհային և Աւանդական կրօններու առաջնորդներու Գ. համագումարը Աստանայի մէջ

Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ 1 եւ 2 Յուլիսին, տարբեր Եկեղեցիներու և կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի կ'ունենայ Համաշխարհային և Աւանդական կրօններու առաջնորդներու Գ. համագումարը։

Սոյն համագումարին ընթացքին կը քննարկուին կարգ մը նիւթեր ինչպէս .

Կրօնական առաջնորդներու դերը հանդրժողականութեան, փոխադարձ յարգանքի և համագործակցութեան վրայ հիմնուած՝ խաղաղութեան հաստատման գործընթացքը, Համամարդկային և հոգևոր արժէքներ, համաշխարհային բարոյագիտութիւնը , Երկխօսութիւն և համագործակցութիւն եւ Համաձայնութիւն ճգնաժամային ժամանակաշրջանի։

Վերոյիշեալ համագումարին կը մասնակցի Հայաստանի հայ եկեղեցւոյ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Եզնիկ արք. Պետրոսեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.