2009-07-01 13:14:27

Լուրեր հայկական կեանքէն


ԼՂՀ Գրողներու Միութեան համագումարը

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ գրողներու միութեան Դ. համագումարը, որուն 55 պատուիրակներէն մասնակցած են 46ը:  Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող համագումարին այս տարի օրակարգը  կ՝ընդգրկէր առանցքային հարցեր՝ գրողներու միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը եւ երիտասարդ գրողներու ընդունելութիւնը: Անցած չորս տարիներուն կատարած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է  միութեան նախագահը Վարդան Յակոբեան: Ընթերցուած է նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը:   Համագումարի աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի: Նշենք թէ Վարդան Յակոբեան վերընտրուած է նախագահ ԼՂՀ գրողներու միութեան:

Արարատ հայոց անմահութեան խորհուրդը ցուցադրուած Երեւանի մէջ



Երեւանի կաթողիկէ Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ 27 յունիսին տեղի ունեցած է Արարատ հայոց անմահութեան խորհուրդը ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։

Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են՝ Արարատ լերան վերաբերող աստուածաշնչական առասպելական պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր արշաւախումբերու փորձութիւնները՝ կապուած գագաթի նուաճման հետ, ապա ներկայացուած է արշաւախումբի մը պատմութիւնը, որ վերջերս կրցած է յաջողութեամբ բարձրանալ աստուածաշնչական Արարատի գագաթը։ Նշենք, որ ժապաւէնը պատրաստուած է հայերէնով, իսկ տեւողութիւնը 60 վայրկեան է։



Երեւանի պատմութեան թանգարանին 88.000 ցուցանմուշները։



Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ կը պահուին շուրջ 88 հազար ցուցանմուշներ, որոնցմէ 3 հազարը ցուցադրուած է սրահներու մէջ։ Ըստ թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեանի, պատմութեան թանգարանը տարուան ընթացքին կը նախատեսէ կատարել շարք մը միջոցառումներ իսկ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակուի Երեւանի տարեգրութիւնը, որ կը ներառէ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Արմինէ Սարգսեան յայտնած է, որ նման աշխատութիւն առաջին անգամ հրատարակուած է

60ական թուականներուն։

Թանգարանը կը նախատեսէ նաեւ պատրաստել Երեւանի նշանաւոր ընտանիքները խորագրով շարքը, որուն առաջին հատորը լոյս պիտի տեսնէ այս տարուան ընթացքին։ Գիրքին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան մայրաքաղաքի մօտաւորապէս 20 ընտանիքներու պատմութիւններ, լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր։

Դեկտեմբերին պիտի կազմակերպուի Երեւանի քաղաքաշինական խնդիրները խորագրով ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան լուսանկարներ, քարտէսներ, անցեալին քաղաքաշինական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող-յատակագիծեր, յայտնի ճարտարապետներու անձնական իրեր, ինչպէս նաեւ՝ Հիւսիսային պողոտայի մանրակերտը։



Իսկ Հոկտեմբերին, Երեւանի օրուան տօնակատարութիւններու շրջանակներու ծիրին մէջ, թանգարանի յատուկ ցուցադրութեան սրահին մէջ նախատեսուած է ցուցադրութիւնը Երեւանի արդի գեղանկարիչներուն աշխատանքներուն՝ նուիրուած Երեւանին։ Միջոցառումը պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ։ Յայտնենք, որ ցուցահանդէսի աւարտին գեղանկարիչները իրենց աշխատանքները պիտի նուիրեն թանգարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.