2009-07-01 13:10:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծննդեան օրուան առիթով երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ փոխանցած է իր շնորհաւորութիւնները։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Տ. Մետվետեւ նաեւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Սերժ Սարսեանին։ Հայաստանի նախագահի 55-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 28 յունիսին Յունաստանի Քորֆու կղզիին մէջ մասնակցած է ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին, որ նուիրուած էր Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ամրապնդման հարցերուն։

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցած են ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու 45 արտաքին գործոց նախարարներ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, ԱՊՀ-ի, Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Է. Նալբանդեան հանդիպման ընթացքին հանդէս եկած է ելոյթով մը, որուն մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի տեսակէտները Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ։Միւս կողմէ Նախարար Նալբանդեանի հրաւէրով 2 Յուլիսին Հայաստան պիտի ժամանէ ԵԱՀԿի նախագահ եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանի։ Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին Տիկին Պաքոյանի հանդիպումները Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը Երեւան անցնելէ առաջ մէկ օրով Պաքու պիտի գտնուի։



ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԻ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ։

Ազատամարտիկներու ընկերային, առողջական եւ կենցաղային վիճակներուն վերաբերող հարցերը Հայաստանի մէջ մնայուն կերպով չարչրկուած նիւթեր են։

Որքան ալ ազատամարտիկներու հարցերով զբաղող տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ ստեղծուած են եւ ժամանակ առ ժամանակ կը նշուի, թէ ազատամարտիկները որոշակի արտօնութիւններ ունին, սակայն, անոնց համար նախատեսուած եւ օրէնսդրօրէն ամրագրուած արտօնութիւններ մինչեւ այսօր գոյութիւն չունին։ Այս հանգամանքը նկատի առնելով՝ ազատամարտիկներով համալրուած հասարակական կազմակերպութիւններն ու Արցախեան ազատամարտին մասնակցած տարբեր ջոկատներու հրամանատարներ համախմբուած են եւ համապատասխան օրէնքի նախագիծ կազմած են։ Օրէնքի նախագիծը շրջանառութեան մէջ դնելու եւ առաւելագոյնս կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ընդունելու համար անոնք որոշած են դիմել Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ Հայաստանի կառավարութեան։



ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱԶ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ՇՈԳԵԿԱՌՔ ՄԸ ԻՐ ԳՆԱՑՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ԵՒ ՊԱՅԹԵԼՈՎ 16 ԶՈՀԵՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ։ Ըստ վերջին տուեալներուն 16 զոհեր եւ 31 վիրաւորնեը կան որոնցմէ 21ի վիճակը ծանր է։ Երբ առջի օր գիշերանց հեղուկ կազ փոխադրող շոգեկառք մը հիւսիսային Իտալիոյ Թոսքանա շրջանին ծովեզերեայ մէկ բաժինին մէջ բնակարաններու մօտէն կանցնէր, իր գնացքէն դուրս եկաւ եւ պայթեցաւ։

Հռոմէն 350 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տնուող Վիարեճճիօ օդափոխութեան ծանօթ գիւղի շոեկառքի կայարանին մօտ պատահած պայթումէն ետք շուրջ հազար հոգիերկուշաբթի կէս իշերին արդէն փոխադրուեցան աւելի ապահով վայրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.