2009-06-30 13:37:24

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հոգեւոր համերգ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնարկութեան 260-ամեակի առթիւ


Լիբանան-Հոգեւոր համերգ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնարկութեան 260-ամեակի առթիւ

Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնարկութեան 260-անեակի առիթով

եւ Երանելի Ինգնատիոս արք. Մալոյանի երանացման 8-րդ տարեդարձին առթիւ Զմմառու միաբանութեան վարչութիւնը կը կազմակերպէ հոգեւոր համերգ մը նախագահութեամբ ամենապտիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին։ Համերգին կը մասնակցի ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբը ղեկավարութեամբ փրոֆ. Եդուարդ Թորիկեանի եւ կը մեներգէ Օր. Ապիր Նաամէ։ Հանդիսութիւնը տեղի կ'ունենայ Զմմառու վանքի հրապարակը կիրակի 26 Յուլիս 2009 երեկոյեան ժամը 7-ին։



Լեհաստան- Ձեռնարկներ նուիրուած հայազգի գեղանկարիչ ՜՜ԹԷՈՏՈՐ ԱՔՍԵՆՏՈՎԻՉԻ՝՝ անոր ծննդեան 150 ամեակին առիթով։

Լեհահայ մեծանուն գեղանկարիչ եւ հասարակական գործիչ Թէոտոր Աքսենտովիչի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը 2009 թուականի ամբողջ տեւողութեան ծրագրած է ձեռնարկներու շարք մը, որ պիտի իրականացուի Մալոփոլսքի Վոյեւոտութեան, Քրաքովի քաղաքապետարանին եւ հայ համայնքին մասնակցութեամբ։

Մայիս 13ին Քրաքովի Ռաքվեցքի գերեզմանատան մէջ գտնուող Թէոտոր Աքսենտովիչի գերեզմանին վրայ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Իսկ երեկոյեան Քրաքովի Ս Միքոլա տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ՝ ի յիշատակ հայազգի արուեստագէտի՝ Թէոտոր Աքսենտովիչին։

Ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, վոյեւոտեան եւ քաղաքի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հայ համայնքի անդամներ։





Հրանդ Տինքի անունով փողոց Մարսէյլի մէջ -ֆրանսա

Մարսիլիոյ ԺԱ եւ ԺԲ շրջաններու թաղապետարանի նախաձեռնութեամբ Վերջերս քաղաքապետարանի օրակարգ մտած էր քաղաքի փողոցներէն մէկը Հրանդ Տինքի անունով կոչելու հարցը որը քննարկուեցաւ եւ ապա հաստատւեցաւ Մարսէյլի քաղաքապետարանին մէջ, որմէ վերջ ալ կատարուեցաւ անուանակոչումը։

Մարսիլիոյ մէջ 12 Յունիս 2009-ին, Տինքի անունով կոչուող փողոցի բացումը կատարեց հանգուցեալի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը, իսկ անւանակոչման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Մարսէյլի քաղաքապետ, սենատոր Ժան-Քլոտ Կոտեն, Ֆրանսայի Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր՝ Վալերի Պոյեն, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետի տեղակալներէն Տիտիէ Պարագեանն ու ԺԳ եւ ԺԴ շրջանի թաղապետը՝ Կարօ Յովսէփեան։

Իր ելոյթին մէջ քաղաքապետ Կոտեն նշեց, որ Մարսիրոյ փողոցներէն մէկը Հրանդ Տինքի անունով կոչելու որոշումը միաձայն ընդունուեցաւ քաղաքային խորհուրդէն եւ ատիկա քաղաքի բնակչութեան զգացմունքներու արտայայտութիւնն էր. Հրանդ Տինքը մարդու իրաւունքներու ամէնէն ակնառու պաշտպաններէն էր։ Մարսիլիոյ իւրաքանչիւր քաղաքապետի համար մեծ պատիւ է փողոց մը Տինքի անունով կոչելը։

Նախապէս Ռաքել Տինք մասնակցած էր Փարիզի արուարձաններէն հայաշատ Արֆորվիլի մէջ Հրանդ Տինքի անունով բացուած դպրոցի աւարտական հանդէսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.