2009-06-30 13:32:18

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 





ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ՄԱԿ-Ի ԺԸՆԵՒԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ։ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուր իր հաւատարմագիրները յանձնեց ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիի ղեկավար Սերժիօ Օրճոնիկիծէին։ Հաւատարմագիրներու յանձնման արարողութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին Սերժիօ Օրճոնիկիծէ, բարձր գնահատելով Հայաստանի նախագահի աշխարհահռչակ մշակութային գործիչին միջազգային բարձր ատեանին մէջ Հայաստանի շահերու պաշտպանութիւնը վստահելու որոշումը, նշած է, որ Շարլ Ազնաւուրի գործունէութիւնը կարեւոր պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ՄԱԿ-ի համար։ Հաւատարմագիրներու յանձնման արարողութիւնը մեծ ուշադրութեան արժանացած է զուիցերիական եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՅՇԱ ՊԱՔՔԱՐԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ։ Երէկ հրապարակուած եւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղուած յատուկ հաղորդագրութեան մը մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը դատապարտեց նախանցեալ օր Պէյրութի Այշա Պաքքար եւ Մար Էլիաս թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած բախումները, որոնց ընթացքին սպաննուեցաւ կին մը եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ։Երեսփոխանական Պլոքը կը դատապարտէ իւրաքանչիւր ուրախ կամ տխուր առիթի երկրին մէջ տարածուած կրակ բանալու երեւոյթը, որովհետեւ անմեղ քաղաքացին ինքն է, որ վերջաւորութեան կը վճարէ այս անպատասխանատու արարքին գինը՝ իր արիւնով կամ ապրուստի միջոցին կորուստով(նշուած է հաղորդագրութեան մէջ)։



Հայ եկեղեցին Ունէսքօի Հրատարակութեան Մէջ։

Վերջերս ՈՒՆԷՍՔՕն կարեւոր գիրք մը հրատարակեց՝՝Մշակութային Արժէքներ Քրիստոնեայ ու Իսլամ Կրօններուն Մէջ՝՝ խորագիրով։ Արաբերէն լեզուով հրատարակուած այս գործին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։



Մութ Ամպեր Թուրք Զօրավար Քենան Էվրէնի համար։

Թրքական բանակին մէջ հրդեհ ծագած ըլլայ , յատկապէս թրքական խորհրդարանի նախագահ Քէոքսալ Թոփթանի յայտարարութենէն ետք, որ կողմնակից դասուեցաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան մը, որու համաձայն կարելի պիտի ըլլայ իրաւական ճամբով հետապնդել 1980ի զինուորական խունթայի պատասխանատուները։ Այդ օրերու սպայակոյտի պետ Քենան Էվրէն(ներկայիս 92 տարեկան) ան մերժած է իր դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները եւ ըսած է թէ ՝՝պիտի նախընտրէ անձնասպան ըլլալ՝՝։



ՊՈԼԻՍ։ 1915-ին սպանուած հայ մտաւորականներու անունները ԱԿՕՍԻ մէջ կը հրատարակուին ՝՝Մենք կը յիշենք՝՝ խորագրով ։



1915 թուականի Ապրիլի 24-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան, աքսորուեցան եւ հետագային մեծ մասամբ սպաննուեցան ներքոնշեալ մտաւորականները։ Այդ պայծառ անձնաւորութիւններու անունները տպագրելով մենք կը յիշենք այդ սեւ օրուայ բոլոր զոհերը։ ՄԵՆՔ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ։ Այս խորագրին տակ լոյս տեսած է Պոլսոյ Ակօս երկլեզու շաբաթաթերթի Ապրիլ 24ի թիւի բացառիկ էջը։ Ժամանակակից Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թրքալեզու հայկական թերթի մը մէջ,այսպէս հրատարակուած են Նազարէթ Տաղաւարեանի, Արամ Անտոնեանի, Մելքոն Կիւրճեանի, Շաւարշ Քրիսեանի, Վրթանէս Փափազեանի, Սմբատ Բիւրատի, Դանիէլ Վարուժանի, Կոմիտաս վրդ. Սողոմոնեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Ատոմ Եարճանեանի (Սիամանթօ) եւ բազմաթիւ այլ հայերու անունները։








All the contents on this site are copyrighted ©.