2009-06-29 13:02:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան։



Ներկայիս` Հռոմ կը գտնուի Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, մասնակցելու՝ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութիւններուն եւ միաժամանակ Պօղոսեան յոբելեան տարւոյն փակման արարողութեան։

Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով հիւրերը, հետեւեալ խօսքը ուղղեց անոնց. ''Ձեզի, շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ''։

Պատուական եղբայրներ, Պօղոս առաքեալը հետեւեալ խօսքերով կ'ողջունէր Եփեսոս ապրող հաւատացեալները '' Պօղոս, Աստուծոյ կամքով առաքեալ Յիսուս Քրիստոսի''։ Այսօր, այս ողջոյնի խօսքերով կ'ուզեմ բարի գալուստ յայտնել ձեզի, դուք որ եկած էք մասնակցելու՝ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութիւններուն եւ միաժամանակ Պօղոսեան յոբելեան տարւոյն փակման արարողութեան։ Անցեալ տարի, Տիեզերական պատրիարքը` Բարդողոմիոս Ա. պատուեց մեզ իր ներկայութեամբ միասնաբար բացումը կատարելով Պօղոսեան յոբելենական տարւոյն, իսկ այսօր,դուք ուրախութիւն կը պատճառէք մեզի մասնակցելով զոյգ արարողութիւններուն։ Պօղոս առաքեալը կը յանձնարարէր ըսելով.''հանդուրժեցէք իրարու սիրով. պահպանեցէք Հոգիի միաբանութիւնը խաղաղութեան զօդով։ Մէկ է մարմինը եւ մէկ` Հոգին, ինչպէս նաեւ մէկ է յոյսը ձեր կոչումին։ Հետեւաբար եղբայրներ, բարի եկած էք մեր մէջ, միասնաբար գոհութիւն կու տանք Տիրոջ բոլոր այն բարիքներուն համար որ մեզի շնորհեց Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000 յոբելեանի տօնախմբութեան առիթով։

Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ հաւաստիքն է մեր երկու եկեղեցիներու կամքին որ է ''վերահաստատումը Եկեղեցւոյ կատարեալ միութեան''։

Թող Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնին ուրախութիւնը, որ աւանդութեամբ՝ նոյն օրը կը յիշենք, լիացնէ մեր սրտերը վստահութեամբ ու յոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.