2009-06-29 12:59:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քարոզը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քարոզը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։

Երկուշաբթի 20 Յունիս 2009, տօնն է Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու, ըստ լատինաց։ Երկու առաքելապետերը պաշտպան սուրբերն են Հռոմ քաղաքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս առթիւ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին ՜՜Պալիումը՝՝ Եմիփերոնը՝ շնորհեց մեծ թեմերու 34 արքեպիսկոպոսներուն։ Պատարագին մասնակցեցաւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան մէկ պատուիրակութիւնը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայապետը իր արտասանած քարոզին մէջ ողջունեց ներկաները Պետրոս առաքեալի խօսքերով. ''Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն առատօրէն''։

Այսօրուան ժամամուտին մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծմէ կը հայցենք որ Եկեղեցին միշտ հետեւի առաքեալներու ուսուցումին որմէ ստացաւ ՜՜Հաւատքի Աւետիսը՝՝։

Պետրոս առաքեալը իր երկու թուղթերուն մէջ, կը զգուշացնէ հաւատացեալները կեղծ վարդապետներու թիւր ուսուցումէն եւ կը մղէ ՜՜համբերութեան եւ հաւատարմութեան` նեղութիւններու մէջ՝՝,նաեւ՝ ՜՜հպատակութեան` առաքելական աւանդութիւններուն՝՝, եւ ՜՜հնազանդիութիւն` քաղաքական իշխանութիւններուն՝՝։

Հաւատացեալները կանչուած են հետեւելու՝ Քրիստոսի։ Անոնք մկրտութեամբ՝ պէտք է իրականացնեն կեանքի սրբութիւնը եւ ձգտին միշտ աւելի ՜՜ սերտ հաղորդակցութեան՝՝ Քրիստոսի հետ։

Հաւատացեալը պէտք է զարգանայ Քրիստոսի ճանաչումին մէջ, հաղորդակից դառնայ աստուածային կեանքին։

Հաւատացեալը կանչուած է սրբութեան եւ հաւատքի հաւատարմութեան։

՜՜Առաքելական վարդապետութիւնը , ըսաւ Սրբազան Հայրը իր քարոզը եզրափակելով, հիմնուած է առաքելաներու ստոյգ վկայութեան վրայ։ Քրիստոնեային կեանքը` հաւատքի, եղբայրսիրութեան կեանք մըն է, ամբողջովին ձգուած դէպի երկինք, ուրկէ կը սպասէ Տիրոջ գալստեան՜՜։

Քարոզին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղեց 34 արքեպիսկոպոսներուն որոնք իր ձեռքէն կը ստանան Պալիումը` եմիփերոնը, որ հիւսուած է այն գառնուկներուն բուրդով որ Հռոմի Պապը օրհնած էր սրբուհի Ագնէսի տօնին օրը, այդպէս այդ պալիումը ՜՜կը յիշենէ Քրիստոսի գառնուկներն ու ոչխարները՝ Յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ Պետրոսի յանձնուած. քանի որ Քրիստոս Պետրոսին տուաւ պարտականութիւնը՝ արածելու ՜՜իր գառնուկները՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ եպիսկոպոսութեան մէջ , ըսաւ Սրբազան Հայրը, դուք կանչուած էք ՜՜արածելու ոչխարները՝՝ Պետրոսի միութեան մէջ։ Պալիումը կը յիշեցնէ նոյնինքն Քրիստոսը, որ բարի Հովիւի նման իր ուսերու վրայ դրաւ կորսուած ոչխարը` մարդկութիւնը, զայն տուն վերադարձնելու համար։

Հայցենք Տիրոջմէն որպէսզի միշտ ընթանանք արդար հովիւներու նման, ոչ ստիպուած, այլ` սիրով, Աստուծոյ կամքին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.