2009-06-29 13:04:08

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է


Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է`29

Քեզի դիմեցի Աստուած,

եւ իմ արդարութեանս չափո՛վ լսեցիր դուն ինծի։

Սրտի անդորրութեա՛մբ լեցուցիր դուն զիս, ողորմէ՛ ինծի, եւ լսէ՛ աղօթքներուս։

Ո՜վ դուք մարդոց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ խստասիրտ պիտի մնաք դուք,

մինչեւ ե՞րբ ստութիւն պիտի փնտռէք։

Ճանչցէ՛ք, որ սքանչելիքնե՛ր գործեց Տէրն իր սուրբին համար,

եւ պիտի լսէ՛ զիս Տէրը, երբ իրե՛ն դիմելու ըլլամ ես։

Մի՛ մեղանչէք, եթէ բարկանալո՛ւ անգամ ըլլաք

ձեր անկողինին մէ՛ջ զղջացէք այն բանին համար, որ ձեր սրտէն կ'ըսէք։

Զոհե՛ր կատարեցէք արդարանալու համար,

եւ Տիրոջ վրա՛յ դրէք ձեր յոյսը։

Շատե՛ր ըսած են, թէ Ո՞վ ցոյց պիտի տայ բարիքներ՝` մեզի։

Երբ մեր վրայ շողաց քու երեսիդ լոյսը՝` ուրախութի՛ւն տուիր դուն մեր սրտերուն։

Ցորենի, գինիի եւ ձէթի բերքերո՛վ լիացուցիր դուն մեզ։

Խաղաղ սրտով, ա՛յն վստահութեամբ կրնանք ննջել մենք, եւ արթննալ,

որ քու մասնայատուկ յուսո՛վդ կը բնակեցնես դուն մեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.