2009-06-29 14:06:39

Լուրեր հայկական կեանքէն

Լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տարեգիրքը ՜՜2008-2009 տարեշրջանի Գլաձորը՜՜


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին տարեգիրքը՝ Գլաձորը։

15-րդ տարին ըլլալով կը հրատարակուի այս տարեգիրքը, ուր կարտացոլան դպրեվանքին մէջ կատարուած հոգեմտաւոր աշխատանքներ եւ մթնոլորտը։

303 էջերէ բաղկացած պատկերազարդ ու գեղատիպ հատորը կը բովանդակէ դպրեվանքի ուսանողներուն գրած գրական, քարոզախօսական, իմաստասիրական, ուսումնասիրական, թարգմանչական եւ այլ թեմաներով երկեր։ Հատորին մեկենասն է օրդ Արաքսի Պագալեան. ան, նոյն նուիրատուութեամբ օգտակար եղած է նաեւ Գլաձորի նախորդ թիւին լոյս ընծայումին։

Հատորը կ՝ընդգրկէ նաեւ ՜՜ուսումնասիրութիւններ Հաղբատի, Տաթեւի, Սանահինի, Գլաձորի, Արմաշի վանքերուն եւ դպրեվանքերուն գործունէութեան՝՝ մասին։

Հատորին մէջ կը կարդանք նաեւ տեղեկութիւններ՝ ՜՜Միջնադարու մեր վանքերուն կամարներուն ներքեւ ծաղկած համալսարաններու գիտնական վարդապետներու մասին, ինչպէս՝ Գրիգոր Տաթեւացի, Ներսէս Լամբրոնացի։ Կը ծանօթանանք բարոյախօս հայրերու, ինչպէս՝ Յովհան Որոտնեցի, Յովհան Մանդակունի, Մխիթար Սեբաստացի վարդապետներուն, իւրաքանչիւրը իր գիտութիւնը եւ գրական շնորհը փոխանցած՝ մեծաթիւ ուսանողներու։

Այս բոլորը արդիւնքն են ՜՜Զարեհեան դպրեվանքի՝՝ սաներուն հետեւողական ուսումնասիրութեան, ուրկէ ծով գիտելիքներ եւ արուեստի գեղեցկութիւն կը քաղէ ընթերցողը։

Մատենագիտական հարուստ տեղեկութիւններ փոխանցող Գլաձոր տարեգիրքը ջինջ հայելին է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ ծրագրուած ու գործադրուած ուսման, ուր կը պահուին հայ մշակոյթին աւանդութիւնները եւ նոր օրերուն դիմաց ծառայասիրութեան ոգեկան զօրութիւնը։



Վիեննա- ՜՜ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՝՝ գրքին շնորհահանդէսը

Աւստրիոյ Ռազմական ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմ՝՝ վերնագրով գրքին շնորհահանդէսը։ Գիրքին մէջ տպագրուած են տարբեր հեղինակներու յօդուածները, որոնք ներկայացուած են Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազատական քաղաքականութեան միջազգային հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած Կովկասի մէջ ճգնաժամերու եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման թեմայով շարք մը համագումարներու եւ սեմինարներու ընթացքին։ Ժողովածուն խմբագրած է դոկտ. Էրիխ Ռայթեր։ Գիրքի առաջին բաժինին մէջ ներկայացուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հայկական, ազրպէյճանական եւ ռուսական տեսակէտները։ Միւս բաժիններու յօդուածները նուիրուած են շրջանին մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դերին, աշխարհաքաղաքական կողմերուն, Իրանի եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերին եւ այլն։ Վերջին բաժինը նուիրուած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքականութեան։ Գերմանիա հաստատուած քաղաքագէտ Աշոտ Մանուչարեան ձեռնարկին ներկայացուց հայկական տեսակէտները։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Յովակիմեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.