2009-06-29 13:03:45

Գոհաբանական Ս. Պատարագներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով ։


Գոհաբանական Ս. Պատարագներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով ։



Կազմակերպութեամբ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի խմբապետական կազմին, կիրակի, 28 յունիս 2009-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հայրապետական Ս. պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին։

Սկաուտներուն ուղղուած՝ իր պատգամին մէջ, գերապայծառը շեշտեց, որ մարդ անհատը ունի հոգի եւ մարմին, սակայն հոգին միշտ պէտք է տիրապետէ եւ իշխէ մարմնին՝ առանց թոյլ տալու, որ մարմինը իշխէ իրեն։ Եթէ կ'ուզենք երջանիկ ապրիլ, պէտք է գիտնանք զանազանել բարին չարէն, կարեւորը՝ կարեւորագոյնէն,այսպէս հաստատեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։

Ան իր խօսքը ուղղելով՝ սկաուտախումբի անդամներուն, նկատել տուաւ որ՝ իբրեւ սկաուտ պէտք է նպատակ ունենալ ՜՜սրբանալը՝՝ նմանիլ Յիսուսին իր հեզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ քաղցրութեամբ։ Ան օրինակ բերաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որուն առջեւ Տրդատ թագաւորը ամէն տեսակի պատիւներ դրաւ, սակայն ան մտածեց, որ ինք եկած է սրբանալու։

Գերապայծառը նշեց, թէ երկու տեսակ ուրախութիւն կայ՝ սրտէն ելլող եւ դուրսէն եկող։ Սակայն սրտէն ելլողը աւելի մեծ է, որովհետեւ երբ մեր սիրտը Յիսուսով լեցուած է՝ մեր ուրախութիւնը կարտացոլայ մեր աչքերուն մէջ, եւ երանի մեզի, եթէ ՜՜սրտէն բխած ուրախութիւնը իշխէ դուրսէն եկած ուրախութեան՝՝։

Մենք Յիսուսը ապրելով կը վկայենք մեր ճշմարիտ կրօնին, մեր ապրումով եւ գործերով կը փաստենք, թէ իրապէս ճշմարիտ սկաուտներ կամ վարդապետներ կամ ծնողներ ենք, շեշտեց գերապայծառը՝ եզրափակելով, որ այդպիսով ՜՜Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նման մեր նեղութիւնները կը մեղմանան՝՝։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի համբոյր, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտական խումբին առաջնորդութեամբ թափօրը շրջեցաւ պատրիարքարանի շրջակայ փողոցներուն մէջ։

Այստեղ յայտնենք, որ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայրապետական գոհաբանական Ս. պատարագ հանդիսապետութեամբ Sանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. S. Ներսէս - Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։ Սոյն պատարագը մատուցուեցաւ ի դիտաւորութիւն համայնքի բարերարներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Իսկ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս պատարագին ընթացքին, Կիրակի, 28 յունիս 2009-ին, տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք, Արամ Ա կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 14-ամեակին առիթով։

Մայր տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն՝ հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին միաբան հայրերը յատկապէս ընտրուած աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին՝ բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.