2009-06-28 13:35:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունիս 28, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս կիրակին լուսուորուած է ծիսկան կարեւոր սուրբերու յիշատակութիւններով. Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը, Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերը։

Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Մարդը եղած է կեանքին համար։ Ով որ կ'ընդունի Քրիստոսը եւ կը հիմնէ իր գոյութիւնը անոր սիրոյն վրայ , Իրմէ կ'ընդունի կենսատու զօրութիւնը ։ Պօղոսեան յոբելենական տարւոյն աւարտին, որ ապրեցանք, կը հրաւիրեմ ձեզ միշտ աւելի զարգանալու եղբայրական միութեան մէջ, որու շնորհիւ Քրիստոսով պիտի լիացուինք։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Աստղագիտուիթեան տարւոյն առթիւ Վատիկանի աստղադիտարանը կը կազմակերպէ միջազգային համաժողով` ''Աստղագիտութիւնը համատեղ դաշտ մըն է բաժանելու մարդկութեան մտահոգութիւնները''։

Ժողովը Վատիկան տեղի կ'ունենայ յունիս 22-26։ Գերապայծառ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահայանապետական խորհուրդի. գիտաժողովին բացումը կը կատարէ ունենալով որպէս նիւթ ''սկիզբէն Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը'' ապա խօսք կ'առնեն. փրոֆեսոր Պերսանելլի` Գեղեցկութիւնը եւ անսահման տարածութիւնը տիեզերքի, հայր Գոյն` վաստակաւոր տնորէնը վատիկանեան աստղագիտարանի. Կեանքը տիեզերքին մէջ. ինչպիսւ սքանչելիքներ եւ անհամար հարցումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.