2009-06-28 09:32:19

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է


Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է`28

Ինչո՞ւ տակնուվրայ եղան հեթանոսները,

եւ ինչո՞ւ սնոտի ծրագիրներ որոճացին ժողովուրդները։

Երկրի թագաւորնե՛ր եկան դէմ առ դէմ,

իշխաննե՛ր հաւաքուեցան քովէ-քով՝`

հակառա՛կ ելլելու համար Տիրոջ, եւ անոր Օծեալին։

Եւ ըսին, խզե՛նք անոնց կապանքները, թօթափե՛նք մեզմէ ա-նոնց լուծը։

Ե՛ս կարգուեցայ թագաւոր՝` անոր կողմէ,

անոր սուրբ լերան՝` Սիոնի վրայ,

Տիրոջ հրամանները գործադրել տալու համար։

Տէրը ըսաւ ինծի Ի՛մ որդիս ես դուն, եւ ա՛յսօր ծնայ ես քեզ։

Խնդրէ՛ ինծմէ, եւ հեթանոսնե՛րը պիտի տամ քեզի իբրեւ ժառանութիւն,

եւ երկրի բոլոր ծագե՛րը իբրեւ իշխանութիւն։

Երկիւղո՛վ ծառայեցէք Տիրոջ,

եւ դողալո՛վ ցնծացէք դուք անոր առջեւ։

Հետեւեցէ՛ք անոր խրատին, որ չբարկանա՛յ Տէրը,

եւ չխոտորի՛ք դուք արդարութեան ճանապարհէն,

ա՛յն ժամանակ, երբ բորբոքելու ըլլայ անոր բարկութիւնը։

Երանի՛ բոլոր անոնց, որ Տիրոջ վրայ դրած են իրենց յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.