2009-06-28 09:33:03

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան։


Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան։

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան։

Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Կ. Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս տիեզերական պատրիարքը գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա. պատուիրակութիւն մը ուղարկած է Հռոմ մասնակցելու՝ Հռոմի պաշտպան սուրբեր՝ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին։ Յայտնենք թէ Հռոմի Պապը, իր կարգին, Կ. Պոլսոյ պաշտպան՝ սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ` պատուիրակութիւն մը կ'ուղարկէ Իսդանպուլ տօնախմբութիւններուն մասնակցելու համար։ Պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները սկիզբ առին 1969-ին։

Այս տարի (2009-ին) Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ֆրանսայի մերտապոլիտ Էմմանուէլ, Պելկիոյ մետրապոլիտի տեղապահ գերապայծառ Աթենակորաս եւ Իսդանպուլէն սարկաւագ Պիլլիս։

Կ.Պոլսոյ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցի յունիս 28ի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պօղոսեան տարւոյն փակման ժամասացութեան որ տեղի կ'ունենայ Պօղոս առաքեալի նուիրուած Պազիլիքայի մէջ։ Նշենք թէ՝ անցեալ տարի Պօղոսեան տարւոյն բացման առթիւ ներկայ էր նոյնինքն Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքը գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա.

29 յունիս 2009ին, տօն Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու, Կ. Պոլսոյ պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մատուցած պատարագին Ս. Պետրոս պազիլիքային մէջ։ Վերոյիշեալ ծիսակատարութիւններու աւարտին պատուիրակութիւնը հանդիպում կ'ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ-ին հետ եւ ապա խօսակցութիւն` Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդին հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.