2009-06-26 12:23:05

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է


Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտի ամիս է`26



Աստուծմէ Հեռացած մարդը

1Աստուա՛ծ չկայ, ըսաւ անզագմն իր սրտէն,

եւ ապականեցան, ու պղծուեցա՛ն անոնք իրենց անօրէնութեան մէջ,

չմնա՛ց մէկը, որ արդարութիւն գործէր։

2Տէրը՝` երկինքէ՛ն նայեցաւ մարդկային բովանդակ սերունդին վրայ,

տեսնելու համար, թէ կա՞յ իմաստուն մէկը, որ Աստուա՛ծ փնտռէ։

3 Որովհետեւ խոտորեցա՛ն բոլորը, եւ միատե՛ղ անպիտանացան։

Չկա՛յ մէկը, որ բարին գործէ, չկա՛յ նոյն իսկ մէ՛կ հգոի։

4 Եւ անոնցմէ մէ՛կն ալ չհասկցաւ, թէ անօրէնութիւն կը գործէր։

Ինչպէս հացը՝` այնպէ՛ս իբրեւ կերակուր կ'ուտէին անոնք իմ ժողովուրդս,

5 եւ չդարձա՛ն անոնք Տիրոջ։ Պիտի գայ սակայն ժամանակը,

ուր սարսա՛փ մը պիտի պատէ զիրենք, երբ պատճա՛ռ պիտի չըլլայ երկիւղի,

6 որովհետեւ արդարներուն հե՛տն է Տէրը։

Ծաղրանքի՛ ենթարկեցին անոնք աղքատի միտքը՝ որ Տէ՛րն է անոր յոյսը։

7 Իսրայէլի ո՞վ փրկութիւն պիտի տայ Սիոնէն։

Երբ գերութենէ՛ վերադարձնէ Տէրն իր ժողովուրդը՝`

պիտի ցնծա՛յ Յակոբ, եւ պիտի ուրախանա՛յ Իսրայէլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.