2009-06-26 12:22:13

Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ընդունեց Լեհաստանի դեսպան՝ Թոմաս Նիեկոծիչը։


Չորեքշաբթի 24 Յունիս 2009-ին, Լիբանանի մօտ Լեհաստանի դեսպանը՝ Թոմաս Նիեկոծիչ այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի կողմէ։

Բարեկամական մթնոլորտի մէջ կատարուած այս հանդիպումին ընթացքին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յիշեց Հայ Եկեղեցւոյ զանազան հանգրուանները Լեհաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեց լեհահայ պատմաբան հանգուցեալ Հ. Գրիգոր Փեդրովիչը, որ մասնագէտ էր լեհահայոց պատմութեան։ Դեսպանը իր կողմէն խոստացաւ ծրագիրներ մշակել Պատրիարքութեան հետ։ Հանդիպումին աւարտին Հոգեւոր Տէրը դեսպանին նուիրեց Նազլեան եպիսկոպոսին յուշերը, իսկ դեսպանը Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Լեհաստանի մասին պատկերազարդ գիրք մը։



Պէյրութ/Հայաստան ՀԿՄ-ական կապեր

ՀԿՄ պատանեկան միութեան գերագոյն Խորհուրդի հրաւէրով՝ Հայաստանէն Գերյ. Հ Անտոն Ծ վրդ Թոթոնջեան Պէյրութի մէջ մասնակցեցաւ ՀԿՄ.ի յատուկ ժողովին, որու ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի մէջ նոր հիմնուած ՀԿՄ Պատանեկանի մասին։ Նշենք որ ՀԿՄ պատանեկանը 2010ին կը բոլորէ իր 25 ամեակը։ Պէյրութի մէջ 1985ին հիմնուած՝ ՀԿՄ պատանեկանը, Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ վրդ. Կռանեանի հոգեւոր եւ ազգային ուղղութիւններուն վրայ, այսօր կր գործէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ։ Հիմնական նպատակ ունենալով ստեղծել միջավայր մը առողջ՝ պատանիներու համար, այսօր ՀԿՄ- ը, մօտ 25 տարիներ ետք կը զարգացնէ միջազգային դիմագիծ մը, փորձելով դիմագրաւել ներկայ աշարհի մարտահրաւէրները, ինչպէս համաշխարհայնացումը եւ ապազգայնացումը։

Սոյն ժողովին Հ. Անտոն Թոթոնջեան նկատել տուաւ որ երկու հիմնական մասնաճիւղեր գոյութիւն ունին այժմ Հայաստանի մէջ, մէկը՝ Արեւիկ, իսկ միւսը՝ Փանիկ նաեւ յայտնեց իր դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ նոր սերունդի դաստիարակութեան մասին։ Այս առթիւ Լիբանանի Գերագոյն խորհուրդի անդամները առաջարկեցին իրենց օգնութիւնը բերել իրենց կարողութեան համաձայն։

Հանդիպումին մասնակցեցան Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ Կռանեան , Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան, հրամանատարներ՝ Մհեր Գալենտերեան եւ Արամ Քարատաղլեան ։ ։

Հայր Անտոն այս ժողովին ընթացքին յայտնեց նաեւ թէ մօտ օրէն Հայաստանի այս առաքելութիւնը իր յատուկ կայքէջը պիտի ունենայ, եւ այս ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ ՜՜գաղափարներու փոխանակում՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.