2009-06-26 13:46:17

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ։Այցելութեան վերջին օրը Վրաստանի նախագահը այցելեց Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Զոհերու Յուշակոթողին առջեւ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սագրսեանի հրաւէրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի մէջ գտնուող Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի եւ անոր կինը՝ Սանտրա Ռուլովս, երէկ մեկնեցան Երեւանէն։ Հայաստան կեցութեան վերջին օրը Վրաստանի նախագահը այցելեց Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Զոհերու Յուշակոթողին առջեւ։ Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, այնուհետեւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Մ. Սահակաշվիլի հանդիպում ունեցաւ դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ։Համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, առիթը օգտագործելով, բաւական նրբանկատ կերպով անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, որոնք կառնչուին դրացի երկիրին մէջ յատկապէս հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման։ Այսօրուան դրութեամբ հայերը Վրաստանի հիմնական ազգային փոքրամասնութիւններէն են, որոնց թիւը, սակայն առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով, տարուէ-տարի աւելի ու աւելի կը նուազի։ Պատմականօրէն հայերուս համար Թիֆլիսը եղած է մշակութային մեծ կեդրոն։ 19-րդ դարու սկիզբը կազմելով քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը,հայերը ունէին մօտ 30 գործող եկեղեցիներ։ Թիֆլիսի Սուրբ Նորաշէնի Եկեղեցին նկարազարդած է հանճարեղ նկարիչ Յովնաթանեան։ Դժբախտաբար չենք կրնար չ'արձանագրել, որ Թիֆլիսի մէջ այսօր կը գործէ ընդամէնը երկու հայկական եկեղեցի, ասիկա խորհրդային վարչակարգին պատճառով, որ մեծ վնաս հասցուց ո՛չ միայն հայկական, այլեւ վրացական եկեղեցիներուն։ Արամ Սիմոնեան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նախագահին այցելութիւնը էական խթան հանդիսանայ տարբեր մարզերու մէջ յարաբերութիւններու խորացումին համար եւ իսկական բարեկամութեան լուրջ երաշխիք դառնայ։Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշումով Մ. Սահակաշվիլի երէկ արժանացաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատույ դոկտորայի կոչումին եւ պարգեւատրուեցաւ համալսարանի մետալով։Մ. Սահակաշվիլի խոստովանեցաւ, որ կը դժուարանայ այս այցելութիւնը պաշտօնական կոչել, քանի որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները չափազանց հեռու են պաշտօնական ըլլալէ։ Ան նշեց, որ հայկական մշակոյթը վրացական իրականութեան անբաժան մասն է, իսկ ինք վրացիները ազգային միաւորներու չի բաժներ ըլլան անոնք հայեր, յոյներ, թէ ազրպէյճանցիներ, բոլորն ալ Վրաստանի քաղաքացիներ են։ Մ. Սահակաշվիլի յատկապէս շեշտեց այն բարեփոխումները, որոնք Ջաւախքի մէջ կիրականացուին։ Վերջին տարիներուն ոչ մէկ շրջանի մէջ կատարուած են այնքան ներդրումներ, որքան Ջաւախքի մէջ։ Այս շրջանն է, որ ամբողջութեամբ կազով օժտուած է, եւ ուր կը կառուցուի մեծագոյն երկաթուղիներէն մէկը։ Ի միջի այլոց ըսեմ, որ շատերը այսօր Ջաւախք կը վերադառնան Ռուսիայէն եւ մենք կողջունենք անոնց վերադարձը(ընդգծած է Սահակաշվիլի)։

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԴԷՄ։ Ի պաշտպանութիւն վրացահայութեան եւ Ջաւախքի իրաւունքներուն,երէկ առաւօտեան։ Արմենիա Մարիոթ պանդոկին առջեւ, (ուր իջեւանած էր Վրաստանի նախագահը) բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Հայաստանի մէջ բնակող խումբ մը ջաւախահայեր, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ՀՅԴաշնակցութեան ներկայացուցիչներ,նպատակ ունենալով Վրաստանի նախագահին յանձնել իրենց դիմումը։ Ոստիկանները ցուցարարները հրելով հասցուցին մինչեւ Տիրան Մեծ պողոտայ, ուր տեղի ունեցաւ բախում։ Ցուցարարներու եւ ոստիկաններուն միջեւ բախումը կանխելու համար Հանրապետութեան հրապարակ եկած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, սակայն ոստիկաններուն հետ անոր բանակցութիւնները արդիւնք չտուին, այլ անոր նկատմամբ նոյնպէս ոստիկանները ուժ կիրարկեցին եւ քաշքշուքի ենթարկեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.