2009-06-25 13:16:59

Լուրեր հայկական կեանքէն
Արամ Ա կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը իրանի Հայութեան


Արամ Ա կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը իրանի Հայութեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Արամ Ա կաթողիկոս, Շաբաթ, 20 Յունիս 2009-ին, Հռոմէն հեռաձայնային կապ հաստատեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանին հետ, մօտէն տեղեակ դառնալու Իրանի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս անոր ունեցած հետեւանքներուն՝ հայ համայնքին վրայ։ Սեպուհ առաջնորդը յայտնեց, թէ իրանահայ համայնքը, թէ՛ Թեհրանի, թէ՛ Սպահանի եւ թէ այլ քաղաքներու մէջ, ո՛չ մէկ վնասի ենթարկուած է։ Ան կը մնայ կազմակերպ ու արթուն, եւ աչալրջութեամբ կը հետեւի քաղաքական-ապահովական զարգացումներուն։ Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ թելադրեց սրբազանին որ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցէ Սպահանի ու Թաւրիզի առաջնորդ սրբազաններուն եւ ամբողջ Իրանի հայութեան։ Ի դէպ, Արամ Ա. Հռոմ կը գտնուէր մասնակցելու կրօնապետներու յատուկ համագումարին՝ առ ի նախապատրաստութիւն Ութերու խմբակի խորհրդաժողովի գումարման։



Սուրիոյ առաջին տիկնոջ Ասմա Ասատի հանդիպումը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հետ։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ հանրապետութեան Առաջին տիկին Ասմա Ասատի եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հանդիպումը որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Ա. տիկինը Ռիթա Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարարին տիկինը՝ Նաթալիա Նալբանդեան։

Հանդիպումը ունեցած է խորհրդատուական բնոյթ՝ ունենալով որպէս նպատակ՜՜ Սուրիոյ Ա. տիկնոջ խնդրանքով, ներկայացնել հիմնադրամի կառուցուածքը, գործելակերպն ու լաւագոյն փորձառութիւնը՝՝։

Ըստ Ասմա Ասատի , Սուրիոյ մէջ կը բնակին շուրջ 18 միլիոն սուրիացիներ, եւս 15 միլիոն ալ սփռուած է աշխարհով մէկ։ Ան ըսած է որ ՜՜ հայրենակիցները պարբերաբար ցանկութիւն կը յայտնեն ներդրումներ ընելու իրենց երկրի տնտեսութեան մէջ՝՝ ասոր համար, տիկին Ասատ, Սուրիոյ մէջ նմանատիպ հիմնադրամի մը դերակատարումը բարձր գնահատած է՝՝։ Ան նաեւ՝ փափաք յայտնած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն՝ Արա Վարդանեանը հիւրընկալելու Սուրիոյ մէջ, մանրամասնօրէն ծանօթանալու համար ՜՜Հիմնադրամի գործունէութեան աշխատելաձեւին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.