2009-06-24 13:45:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 24 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը իր այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Քահանայական տարին՝՝ նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Անցեալ ուրբաթ օրը, Յիսուսի Ս. Սրտի տօնին, ուրախութիւնը ունեցայ բացումը կատարելու ՜՜քահանայական տարւոյն՝՝ նուիրուած՝ Արսի Ս. ժողովրդապետի՝ Ժան Մարի Վիանիէյի մահուան 150 ամեակին, մինչ կը փակուի Ս. Պօղոս առաքեալի տարին, Աւետարանի քարոզութեան արտակարգ առաքեալի տարին, որ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարեց տարածելու՝ Աւետարանը։

Քահանայական այս յոբելինական նոր տարին, կը հրաւիրէ մեզ մեր հայեացքը ուղղելու այն համեստ քահանային, որ իր առաքելութիւնը կատարեց փոքր գիւղի մը մէջ։ Երկուքը ունեցան համատեղ գոյութիւն մը` ամբողջական նոյնացում մը իրենց առաքելութեան, եւ սերտ կապ մը ՜՜Յիսուսի՝՝ հետ։

Քահանայական տարւոյն կէտնպատակն է ՜՜ օգնել քահանաներուն՝՝ հասնելու հոգեւոր կատարելութեան, որմէ կախում ունի իրենց առաքելութեան յաջողութիւնը, վերագիտակցելու համար իրենց ունեցած արտակարգ շնորհքին ՜՜Եկեղեցւոյ ու աշխարհի՝՝ ի սպաս։

Քահանան սերտօրէն միացաւ Աստուծոյ Բանին, որ իր մարդեղութեամբ դարձաւ ծառայ, քահանան Անոր կը պատկանի։ Ասոր համար, քահանան նաեւ՝ սպասաւոր է մարդոց եւ պատասխանատու՝ անոնց ՜՜փրկութեան, երջանկութեան ու ճշմարիտ ազատագրումին՝՝։ Քահանան կը համակերպի Քրիստոսի կամքին, երբ ինքզինք կու տայ աղօթքի. եւ մտերմութիւն կը հաստատէ Յիսուսին հետ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները։ Ան մաղթեց ըսելով ՜՜թող Արսի սուրբ քահանան օգնէ մեզի լաւագոյնս հասկնալու քահանայական կոչումին կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ ու աշխարհի համար։ Եւ վեհանձնութեամբ ընդառաջելու Տիրոջ կանչին՝՝

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին ծննդեան տօնը։ Ան Աստուծմէ ղրկուեցաւ վկայութիւն տալու ու նաեւ պատրաստելու Տիրոջ ճանապարհը։ Աղօթքս է որ բարեկամութիւն հաստատէք Քրիստոսի հետ եւ պատրաստ ըլլաք համապատասխանելու Տիրոջ կամքին ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։



Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ՄԱԿի ենթաքարտուղարը որ մասնակցեցաւ ունկնդրութեան որպէս ՜՜պաշտպանը զինեալ ընդհարումի մէջ գտնուող երախաներուն՝՝։ Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց բռնութեան զոհ մանուկներու հանդէպ տարուած ՜՜պաշտպանութեան առաքելութիւնը՝՝ ան ըսաւ. ՜՜ Կը մտաբերեմ աշխարհի բոլոր մանուկները եւ մասնաւորապէս անոնք որոնք ենթակայ են, վախի, լքումի, սովի, շահագործումի, հիւանդութեան ու մահուան՝՝։ Քահանայապետը իր հոգատարութիւնը կը յայտնէ բոլոր այս մանուկներուն եւ կ'աղօթէ անոնց համար։

Հուսկ Սրբազան Հայրը վերակոչեց ՜՜Կարմիր Խաչի հիմնարկութիւնը՝՝։ Ան 150 տարի առաջ Յունիս 24ին ծնունդ առած էր պատերազմի զոհերու օգնութեան հասնելու տեղաշարժը, որ հետագային կոչուեցաւ ''Կարմիր Խաչ''։ Տարիներու հոլովոյթին, տիեզերականութեան, չէզոքութեան, անկախ սպասաւորութեան արժէքները հրապուրեց աշխարհի միլիոնաւոր կամաւորներ, կազմելով զօրավիգ մարմին մը ,միշտ պատրաստ ՜՜օգնութեան հասնելու զոհերուն եւ մասնաւորապէս պատերազմի զոհերուն՝՝։ Աղօթքս է որ Կարմիր խաչին առաքելութիւնը միշտ մնայ ի սպաս մարդկային կեանքի փրկութեան եւ այս առիթէն կ'օգտուիմ պահանջելու Կարմիր Խաչի՝ արեւանգուած կամաւորներուն ազատ արձակումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.