2009-06-24 13:49:45

Լուրեր հայկական կեանքէն

Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք ամսագրի հայազգի ֆօթօլրագրող՝ Ալեքսանտրա Աւագեանի նոր գիրքը


Ամերիկահայ ֆօթօլրագրողուհի Ալեքսանտրա Աւագեան Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք ամսագրի լրագրող 2004 ին պատրաստած էր 22 էջնոց տեղեկագրութիւն մը՝ ՜՜Հայաստանի վերածնունդը՝՝ վերնագրով, անիկա իր ժամանակին մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր եւ մեծապէս ընդունուած՝ հայերու կողմէ։ Աւագեան 1995էն ի վեր կ՝ աշխատակցի այդ բովանդակալից ամսագրին հետ։ Միաժամանակ ան Նիւ Եորքի Քոնթեքթ փրես իմէյճս լրատուական գործակալութեան աւագ անդամներէն է, եւ վերջին 25 տարիներու ընթացքին ըլլալով աշխարհի ամենատարբեր եւ ամենավառ կողմերը՝ կրցած է որսալ պատմութեան կարեւորագոյն պահերը, որոնց շարքին ՜՜պերլինեան պատի քանդումը, պաղեստինցիներու Ինթիֆատան, Հըզպալլայի գաղտնարանները, քաղաքացիական պատերազմն ու սովը Սոմալիոյ եւ Սուտանի մէջ, ինչպէս նաեւ 1988-ի երկրաշարժը՝ Սպիտակի եւ Լենինականի մէջ։

Ի դէպ, երկրաշարժի ժամանակ ան Եգիպտոս կը գտնուէր իր ընտանիքի հետ եւ լսելով երկրաշարժի մասին, անմիջապէս ուղեւորուած է Հայաստան՝ ֆոթոլրագրուհիի իր պարտականութիւնը կատարելու համար։

՜՜Չափազանց դժուար էր Հայաստանի հետ իմ առաջին շփումը իրականացնել նման մեծ չափի աղէտի պայմաններում՝՝ ըսած է Ալեքսանդրան։ Ան ապա բազմաթիւ անգամներ դարձեալ այցելած էր Հայաստան, 2004-ին կրցած է պատրաստել իր՝ այս անգամ ՜՜վերածնուած երկիրը՝՝ ներկայացնող տեղեկագրութիւնը։

Նիւ Եորք ծնած՝ Ալեքսանտրա Աւագեան, ներկայիս՝ Ուաշինկթըն կ՝ապրի։ Ան մեծցած է շարժանկարի եւ թատրոնի աշխարհի մէջ։ Իր մայրը՝ Տորոթի Թրիսթան, գրող եւ դերասանուհի էր։ Հայրը, Արա Աւագեանը՝` խմբագիր, բեմադրիչ եւ մոնթաժիսթ, եւ ամէն ինչ սորվեցուցած է իր դստեր, որը արդէն 9 տարեկանին սկսած է ՜՜Լայֆ՝՝ հանդէսէն նկարներ կտրատել եւ ծանօթանալ անոնց պատմութեան։ Արհեստավարժ լուսանկարչութեամբ զբաղուած է 1984-էն ի վեր։ Ալեքսանդրայի ֆօթօտեղեկագրութիւնները տպագրուած են. ի շարս այլոց, նաեւ՝ հեղինակաւոր ՜՜Թայմ՝՝ եւ ՜՜Նիւ Եորք Թայմզ՝՝ հանդէսներու մէջ։ 1990-92 ապրած է Մոսկուա՝ ՜՜Թայմ՝՝ հանդէսի համար Խորհրդային Միութեան փլուզման մասին նիւթեր պատրաստելու համար ։ 1993-96 Կազա բնակած է. անկէ առաջ լուսաբանած է 1986-ին՝ ապստամբութիւնը Հայիթիի մէջ, 1987-1995՝` պաղեստինեան Ինթիֆատան, Չեխոսլովաքիոյ մէջ թաւշային յեղափոխութիւնը։ Ամենադժուարը, ըսած է հայազգի Ալեքսանտրա Աւագեան, եղած է Հըզպալլայի խորշերը թափանցելը ութ շաբաթներու ընթացքիմ։ Զինք օգնած են իր հաստատակամ, անկեղծ եւ իրազեկ ու գիտակից ըլլալը։

՜՜Ինձ համար, ըսած է հայազգի ֆօթօլրագրողը, հետաքրքրական է խոչընդոտներ յաղթահարելը, կամուրջներ եւ սահմաններ անցնելը։ Ուզում եմ իմանալ, թէ այն միւս կողմում ի՞նչ է կատարւում։ Իմանալով նրանց պատմութիւնը կամ տեսակէտը՝ մեծանում է երկխօսութեան հնարաւորութիւնը, որը բանալին է խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման։ Յատկապէս 11 Սեպտեմբերէն ետք. երբ առաւել բարդացան Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւնները, ես կարեւոր համարեցի մահմետական աշխարհում ունեցած իմ փորձառութիւնը մի գրքով ներկայացնել աշխարհին, ըսած է Աւագեան խօսելով իր վերջերս հրատարակած՝ Հոգու պատուհաններ։ Իմ ուղեւորութիւնները մահմետական աշխարհում գրքի մասին՝՝։

Գիրքը, որ արդէն դրական գրախօսականներու արժանացած է, բաժնուած է 6 մասերու.

1) Պաղեստինցիները, 2) Իրանը, 3) Կենտրոնական Ասիան եւ Կովկասը, 4) Սոմալիան, 5) Սուտանը եւ 6) Հըզպալլան. արդէն իսկ Ամերիկեան ֆօթոյի կողմէ արժանացած է ՜՜տարուայ լաւագոյն լուսանկարչային գրքերէն մէկը՝՝ տիտղոսին։







Հայաստանի եւ Սուրիոյ առաջին տիկիններու Երեւանի Զատիկ մանկատուն այցելութիւնը

Այցելելով Երեւանի Զատիկ մանկատունը, Հայաստանի եւ Սուրիոյ առաջին տիկիններ՝ Ռիթա Սարգսեան եւ Ասմա Ասատ, ծանօթացան սաներուն եւ տեղեկացան տարուած աշխատանքին։,

Զատիկ մանկատան մէջ, ներկայիս կապրին 7 - 18 տարեկան 70 սաներ, որոնց համար յարմար եւ գոհացուցիչ պայմաններ ստեղծուած են , անոնք այս առիթով պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը հարուստ՝ երաժշտական եւ պարային ներկայացումներով , ինչպէս նաեւ՝ գրադարանին մէջ ցուցադրուած էին մանուկներուն ձեռային աշխատանքներէն նմուշներ, որոնցմէ նուէրներ տրուեցան առաջին տիկիններուն։

Ապա մանկատան սրահին մէջ ՜՜ Սպիվակով՝՝ անուան հիմնադրամի սաները հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով։

Տիկին Ասմա Ասատ դրուատեց հիմնադրամի առաքելութիւնն ու ծաւալած գործունէութիւնը։Նշենք թէ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ առաջին տիկինը Ասմա, Հայաստան տուած՝ իրենց պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, այցելեցին ՜՜Մատենադարանը՝՝, ուր ծանօթացան իւրայատուկ արժէք ունեցող իրերուն եւ արժէքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.