2009-06-24 13:53:38

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Կը յիշենք Պարոյր Սեւակը որ 38 տարի առաջ Յունիս 17ին զոհ կ՝երթար ճամբու արկածի մը։Պարոյր Սեւակ (19241971) Հայկեան Հանճարի խոհուն բանաստեղծը։


Միայն հանճարեղ չէր Սեւակ, աւելի՛ն էր, նոյնինքն Հայկեան Հանճարին խոհո՜ւն բանաստեղծն էր։ Դժուար էր հաւատալ եւ օրին միայն ծառայամիտները ուզեցին հաւատալ ու հաւատացնել, թէ 17 Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։ Բայց խորհրդային ամբողջատիրութեան դաժան ժամանակներն էին եւ որքան ալ բարձրագոռ հնչեցին աշխարհով մէկ սփիւռքի հայութեան թերահաւատութիւնն ու ընդվզումը, պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահուան պարագաներուն մասին։

Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր ՝՝Զանգակատուն՝՝ կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։ Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական մշակութային հարուստ պաշարը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ Երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։ Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ ՝՝Անհաշտ Մտերմութիւն՝՝ (1953), ՝՝Սիրոյ Ճանապարհ՝՝ (1954), ՝՝Նորից Քեզ Հետ՝՝ (1957), ՝՝Անլռելի Զանգակատուն՝՝ (1959), ՝՝Մարդը Ափի Մէջ՝՝ (1962), ՝՝Եղիցի Լոյս՝՝ (1971) եւ ՝՝Ձեր Ծանօթները՝՝ (1971) ործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած ՝՝Սայաթ-Նովա՝՝ մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։ Այսպէս 38 տարի առաջ, 17 Յունիսին, փորձեցին բրտօրէն կտրել ստեղծագործական վարար երակը հայ ժողովուրդին։ Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան հանճարին կարելի չէ լռութեան մատնել։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.