2009-06-24 13:49:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՍՕՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ Այսօր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Վրաստանի նախաահ Միխայիլ Սահակաշվիլի եւ Սանտրա Ռուլովս, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանեն։ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի կ'ունենայ Վրաստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը յաջորդէ նախագահներու դռնփակ հանդիպումը։ Այնուհետեւ տեղի կ'ունենայ պաշտօնական պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ ընդլայնուած կազմով, ապա Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարները հանդէս կուգան միացեալ մամլոյ ասուլիսով մը։ Մ. Սահակաշվիլի նաեւ պիտի հանդիպի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Վրաստանի նախագահը պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիր, ինչպէս նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ։Երէկ ՝՝Միտք՝՝ վերլուծական կեդրոնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ այսօր Սահակաշվիլիի Հայաստան այցելութեան առիթով Հայաստանի նախագահի նստավայրին մօտ տեղի կ'ունենայ բողոքի ցոյց, որուն մասնակիցները պիտի բողոքեն Վրաստանի վարած պետական խտրական քաղաքականութեան դէմ։

ԵԱՀԿի Քերքիրայի աաթնաժողովին Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի լխաւորէ ՀՀ արտաքին ործոց նախարար Է. Նալբանդեանը

Այս շաբաթավերջին, 27 եւ 28 Յունիսին, Քերքիրայի մէջ տեղի կունենայ ԵԱՀԿի անդամ-երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն գագաթնաժողովը։ Երէկ յայտարարուեցաւ, թէ նախապէս ծրագրուած ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը խորհրդաժողովին առկախուած է, առողջապահական ծանոթ հարցի բերումով ( Տիկին Քլինթըն իյնալով արմուկը կոտրած է եւ ենթարկուած վիրաբուժական գործողութեան )։ ԱՄՆի կողմէ ուստի ժողովին ներկայ պիտի գտնուի արտաքին հարցերու պատասխանատու փոխ նախարար Ուիլիամ Պըրնզ։ Իսկ Յունիս 24-է 25-ը ՀՀ.Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Աստանա (Ղազախստան)՝ Եւրո-ատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելու նպատակով։

ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄՈՎ ԱԶԱՏ Կ'ԱՐՁԱԿՈՒԻՆ 4 ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԵՒՍ։

Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ տրուած համաներում յայտարարելու որոշումին իբրեւ արդիւնք երէկ շարունակուեցաւ 2008-ի յետընտրական զարգացումներու պատճառով կալանաւորուած ընդդիմադիրներու ազատ արձակումը։Կեդրոն քրէակատարողական հիմնարկէն ազատ արձակուեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի նախկին տեղակալ Գագիկ Ջհանիրեան։Գագիկ Ջհանգիրեան 23 մարտին 3 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Երեւանի կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ առաջին ատեանի դատարանին կողմէ ՝՝Իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ ոչ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու յանցանքով։Գագիկ Ջհանգիրեան ձերբակալուած էր այն բանէն ետք, երբ ելոյթ ունեցած էր ընդդիմութեան հանրահաւաքին ընթացքին։՝՝Արթիկ՝՝ քրէակատարողական հիմնարկէն ազատ արձակուեցաւ Ժողովրդավարական Հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Պետրոս Մակէեան, որ 3 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, ընտրական գործընթացը խոչընդոտելու համար ամբաստանութեամբ։Հայ Ազգային Քոնկրեսին տուեալներով, 23 յունիսին բանտերէն համաներումով ազատ արձակուած են 4 ընդդիմադիրներ՝ Գագիկ Ջհանգիրեան, Պետրոս Մակէեան, Վահէ Ղազարեան եւ Գէորգ Մանուկեան, իսկ ընդհանուր առմամբ, համաներման գործընթացին իբրեւ արդիւնք ազատ արձակուած են կալանաւորուած ընդդիմադիրներէն 19-ը

ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՒՈՎ ՄԸ ՆԵՐՈՒՄ ՊԷՏՔ Է ՀԱՅՑԷ Կ'ԸՍԷ ՓՐՈՖ ՖԻՔՐԵԹ ԱՏԱՆԸՐ։

Թրքական ՝՝Միլլիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ծանօթ Սապանճը համալսարանէն փրոֆ Ֆիքրեթ Ատանըր իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին ( առանց 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն կոչելու) օրաթերթին յայտնած է, թէ Թուրքիա հայերէն ձեւով մը ներում պէտք է հայցէ։Թուրք փրոֆեսէօրը օրաթերթին ըսած է, թէ պետութիւնը (թրքական։ Ա) 1915-ին ահաւոր սխալ մը գործեց՝՝աքսորեց կիներ ,երախաներ ու տարեցներ գիտակից թէ մահուան կը ղրկուէին՝՝։ Ուստի Հայերուն ձեռք երկարելու ձեւ մը պէտք է գտնուի, սակայն նոյն ատեն Պալքաններու եւ Կովկասի մէջ թուրքերուն դիմագրաւած ողբերգութիւնն ալ պէտք չէ մոռցուի՝՝( կ'ըսէ Փրոֆ.Ատանըր)։








All the contents on this site are copyrighted ©.