2009-06-23 13:39:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 28 Յունիս 2009ին, կը փակէ Պօղոսեան տարին Հռոմի' Ս.Պօղոս առաքեալի նուիրուած՝ պազիլիքային մէջ։


Յառաջիկայ Յունիս 28ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի Ս. Պօղոսի անուան տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ որուն ընթացքին պիտի փակէ ՜՜Պօղոսեան Տարին՝՝։

Յաջորդ օրը՝ 29 Յունիս 2009-ին` Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 9.30ին։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Սրբզ. Հայրը, ՜՜Պալիւմը՝՝ կը շնորհէ 2009ին նշանակուած 20 մետրապոլիտ արքեպիսկոպոսներուն։

Յուլիս ամսոյն մէջ, ծիսական գրասենեակի համաձայն ոչ մէկ արարողութիւն նախատեսուած է։

Արդարեւ Սրբազան Հայրը Յուլիս 13-27 արձակուրդի կ'երթայ հիւսիսային Իտալիա` Վալ տ'Աուդա բարձրաւանդակը, որուն աւարտին կը քաշուի Հռոմէն ոչ հեռու Գասթել-Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառնային պալատը։

Օգոստոս 15-ին` Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը Գասթել-Կանտոլֆոյի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, պատարագ կը մատուցէ ։



Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող՝ բարեսիրական մարմիններու կիսամեայ ժողովը Հռոմի մէջ 22-24 Յունիս 2009։

Հռոմի մէջ, 22-24 Յունիս 2009, տեղի կ՝ունենայ ՜՜Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող՝ բարեսիրական մարմիններու կիսամեայ ժողովը՝՝։ Այսօր Երեքշաբթի 23 Յունիս 2009, առաւօտեան, կարտինալ Սանտրիի` Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչին զեկուցումով սկիզբ առաւ, սոյն բարեսիրական մարմիններու կիսամեայ ժողովը, ներկայութեամբ՝ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքին եւ Ս. Երկրի առաքելական դեսպանին։ Ժողովին, բանակցութեան նիւթն է ՜՜Երուսաղէմի լատին պատրիարքի դիտողութիւններն ու հեռանկարները՝՝։ Յունիս 24ին պիտի ուսումնասիրուի Պուլկարիոյ կաթողիկէ համայնքի իրավիճակը եւ ներկայացուած ծրագիրներու իրականացումին եղանակը։

Յայտնենք թէ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող բարեսիրական մարմինը, կոմիտէ մըն է, որ միատեղ կը համախմբէ բոլոր այն բարեսիրական մարմինները որոնք յանձնառու են օգնութեան հասնելու՝ արեւելեան եկեղեցիներու կրթական ու առողջապահական պահանջներուն։ Այդ բարեսիրական մարմնին նախագահն է՝ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալը։ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող բարեսիրական մարմնի կոմիտէին մաս կը կազմեն ՜՜ԱՄՆի , Գերմանիոյ, ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Հոլլանտայի եւ Աւստրիոյ կաթողիկէ բարեսիրական մարմինները՝՝։



Վատիկանի մէջ միջազգային համաժողով Աստղագիտութեան տարւոյն առթիւ

Աստղագիտութեան տարւոյն առթիւ Վատիկանի աստղադիտարանը կը կազմակերպէ միջազգային համաժողով մը` ''Աստղագիտութիւնը համատեղ դաշտ մըն է բաժնեկցելու մարդկութեան մտահոգութիւնները''։ Ժողովը Վատիկան տեղի կ'ունենայ Յունիս 22-26։ Գերապայծառ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին. կը կատարէ գիտաժողովին բացումը ունենալով որպէս նիւթ ''Սկիզբէն Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը'' ապա խօսք կ'առնեն. փրոֆ. Պերսանելլի` ՜՜Գեղեցկութիւնը եւ անսահման տարածութիւնը տիեզերքին՝՝ նիւթին մասին, եւ Հայր Գոյին` վաստակաւոր տնօրէնը վատիկանեան աստղագիտարանին. կը խօսի հետեւեալ նիւթին մասին ՜՜Կեանքը Տիեզերքին մէջ. ինչպիսի սքանչելիքներ եւ անհամար հարցումներ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.