2009-06-23 14:00:17

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՉԿԱՅ ԿԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ։21 յունիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլլա Պըն Զայետ Ալ Նահիանը։ Հանրապետութեան նախագահը, կարեւոր նկատելով Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնը Հայաստան, ըսաւ թէ ՝՝Հայաստան խորապէս շահագրգռուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութեան ընդլայնումով, եւ վստահ է, որ ատոր համար կայ բաւականաչափ ներուժ։ Ս. Սարգսեան շատ էական նկատած է, որ երկու երկիրները չունին յարաբերութիւնները զարգացնելու համար խոչընդոտող որեւէ հանգամանք։Իսկ իր կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւներու արտաքին գործոց նախարարը ընդծգած է՝ ՝՝բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ որոշակի քայլերու ձեռնարկելու՝ իր երկրի պատրաստակամութիւնը՝՝։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԸՆԷ, ՈՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԳ ԶԱՐԳԱՆԱՅ (Կ'ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ)։ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20-21 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ կը գտնուէր։ Պրիճ Արցախ տնտեսական համագումարին մասնակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալավերդեան, քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Այնուհետեւ ան մասնակցած է Պրիճ Արցախ տնտեսական համագումարին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան եւ ՝՝ՄԱՍԹԸՐ՝՝ միջազգային համարկումի աջակցութեան կեդրոնին կողմէ։Համագումարին բացումը կատարելով Բ. Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Սփիւռքին եւ Հայաստանին՝ տարիներ շարունակ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան համար, ընդգծելով, որ Ղարաբաղի բնակչութեան բարեկեցութեան հիմքը նախ եւ առաջ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ առեւտրա-տնտեսական կապերու խորացումն ու ընդլայնումն է։ Վարչապետ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին առանձնայատուկ կերպով նշած է մեծ թիւով գործարարներու մասնակցութիւնը համագումարին, ինչ որ կարեւոր ազդակ կը նկատուի գործարարական միջավայրի ձեւաւորման առումով։ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութիւնը աւելի արագ զարգանայ ։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կենսամակարդակը պէտք է նոյնպէս աւելի բարձր ըլլայ, քանի որ Արցախի մէջ կը լուծուին ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլեւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ Հայկական աշխարհի խնդիրները։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ 26 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 26 յունիսին, Փարիզի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին ներկայ հանգրուանը։

ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿՈՒԻ։ Համաներումի գործադրութեան ծիրէն ներս Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան եւ ներքին գործոց նախկին նախարարի պահակազօրի նախկին ղեկավար Սուրէն Սիրունեան, որոնք 1 մարտ 2008-ի գործով ձերբակալուած էին, արդէն երէկ ազատ արձակուեցան Շենգավիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի շէնքէն։ Դատարանին որոշումով նաեւ ազատ արձակուեցան պատգամաւորներ Յակոբ Յակոբեան եւ Միանիկ Մալխասեան, որոնք ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք գացին Աբովեան, ուր պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի դատավարութիւնը տեղի կունենար։ Միքայէլեանի նկատմամբ համաներումը չէ տարածուած, քանի որ ան կ'ամբաստանուի անօրինական զէնք պահելու յանցանքով։ Դատարանը Սասուն Միքայէլեանը դատապարտած է 8 տարուան բանտարկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.