2009-06-23 13:39:22

Ալմաստ օփերայի նոր բեմադրութեան Ա. ներկայացում Երեւանի մէջ


Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, 27 եւ 28 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ալմաստ օփերայի նոր բեմադրութեան առաջին ներկայացումը։ Այսպէս յայտնած է Գայիանէ Դուրգարեան ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետը։ Ալմաստ օփերայի նոր բեմադրութեան բեմադրիչն է՝ Ռուսիոյ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր Գէորգի Իսահակեան, իսկ բեմադրող ղեկավարն է՝ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ՝ Եուրի Դաւթեան։












All the contents on this site are copyrighted ©.