2009-06-21 14:12:19

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն



Ոչ Եւս է Ֆրանսահայ Բարերար Շարլ Ծիրանեան

Հայազգի բարերար  Շարլ Ծիրանեան, Վերջերս Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ողբացեալ բարերարը՝ որ մանաւանդ 1988ի աղիտալի երկրաշարժէն ետք, մեծ օգնութիւն ցուցաբերած էր Հայաստանի, ապա, հետագայ տարիներուն, շարունակած էր բարեգործական իր ծրագիրները, Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս։

 Ան 1988ին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ հիմնած էր «Սփիւռք Արմէնի» միութիւնը, իսկ ֆրանսահայ բարերար Արտաշէս Գարակէօզեանի հետ մեծածաւալ բեռներ՝ սննդամթերք, դեղորայք, բժշկական սարքեր ու հագուստեղէն ուղարկած էր աղէտի գօտի։  Վերոնշեալ կեդրոնի տնօրէն Նորայր Զուլոյեան անդրադառնալով Ծիրանեանի բարեգործական աշխատանքին՝ կը յայտնէ. «Շարլ Ծիրանեան հազուագիւտ հայրենասէրներէն մէկն էր։ Ան անկախ էր բոլոր կուսակցութիւններէն։ Իր կուսակցութիւնը հայրենասիրութիւնն էր, հայու ազգային շահը։ Միշտ կ՛առաջնորդուէր «Հայաստանէն հեռու, Հայաստանի համար» կարգախօսով»։

 Շարլ Ծիրանեան ծնած է 1930ի Դեկտեմբերին, Ֆրանսա։ Ծնողները գաղթած էին Խարբերդէն ու Էրզրումէն։ Պատանի տարիքին ան կը զբաղէր մարմնամարզով, ծանրաբարձ էր։ 1956ին, միջին ծանրութեան դասաւորման մէջ Ֆրանսայի ախոյեան հռչակուած էր։ Հետագային Ծիրանեան սկսած է զբաղիլ գործարարութեամբ՝ հիմնելով հագուստեղէնի գործարան մը։ Ան Ֆրանսայի Տրում մարզի յայտնի գործարարներէն մէկն է։ Բացի Հայաստանի ուղղուած բարեգործական գոծունէութենէն, ան 1990էն ի վեր կ՛աջակցէր Հայաստանէն Ֆրանսա արտագաղթած հարիւրաւոր հայերու:

Յիշենք որ  Ծիրանեան յաջողած էր հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր չորս զաւակներուն, եւ իր անձնական օրինակով, միշտ յորդորած էր տեղւոն հայերուն չկորսնցնել իրենց ազգային ինքնութիւնը։



Հայազգի Վարդան Գրիգորեան Սպիտակ տան հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ

նշանակուած Ամնի նախագահին կողմէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 17 յունիսին Նիւ Եորքի Քառնըկի ընկերութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը եւ 27 այլ ականաւոր ամերիկացիներ նշանակած է Սպիտակ տան հիմնադրամի նախագահի յանձնախումբի անդամներ։



Արժանեաց Խաչի շքանշան Գերմանահայ Փրօֆ. Միհրան Տապպաղին Հիւսիսային Ռայն Վեսթֆալիոյ նախարար-նախագահ Եորկըն Ռութկըրզ յանուն Գերմանիոյ նախագահին Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան հետազօտութեան հիմնարկին զարգացման եւ ղեկավարման մէջ իր արտակարգ ներդրումին համար փրոֆ դոկտ Միհրան Տապաղին շնորհեց Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան արժանեաց խաչի շքանշանը։ Միհրան Տապաղ ծնած է 1944-ին, Տիարպեքիր։ Ան Պոնի եւ Պոխումի համալսարաններուն մէջ ուսանած է իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն, քաղաքական գիտութիւն եւ պատմագիտութիւն։ 2006-ին նշանակուած է Ռուր համալսարանի պատմական հիմնարկի փրոֆեսէօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.