2009-06-20 13:38:48

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔԸ։ Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ տեղի ունեցած արտակարգ նստաշրջանին ընթացքին տուաւ ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու վերաբերեալ որոշումը։

Որոշումին թեր քուէարկեցին 98 պատգամաւորներ, դէմ՝ 1 եւ ձեռնպահ՝ 3։

՝՝Համաներման՝՝ առաջարկը ներկայացուցած էր երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն նախաձեռնութեամբ ալ հրաւիրուած էր խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանը։ Նստաշրջանի օրակարգը կ'ընդրկէր միայն տուեալ հարցը։ Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած դռնփակ նիստի մը ընթացքին Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուած էր ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու մասին նախագահի առաջարկին։

ԷԼԻԶԱՊԵԹ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ։

Բրիտանիոյ ազգային տօնին՝ Էլիզապեթ Թագուհիի ծննդեան տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը եւ շնորհաւորեց դեսպանատան անձնակազմը։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ այնուհետեւ ծաւալած զրոյցին ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն զարգացման հեռանկարը եւ ընդգծեցին տնտեսութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Նաեւ անդրադարձ եղած է շրջանային խնդիրներուն։

ՊՐՈՒՆՕ ԸՍՔԱՓԻՆԻ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ։ Պրունօ Ըսքափինիի անուանումը որպէս Երեւանի մօտ Իտալիոյ Դեսպան՝ յայտարարուեցաւ Իտալիոյ Նախարարներու Խորհուրդին կողմէ, յետ Հայաստանի Կառավարութեան հաւանութեան։ Ծնած Հռոմ 1949ին դիւանգիտական ասպարէզ մուտք կը գործէ 1975ին։ Պաշտօնավարելէ ետք Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ, 1978ին կը սկսի իր դիւանագիտական առաքելութեան նախ Ագգրա,Կանայի մէջ,ապա 1980 Զուիցերիա որպէս Պէրնայի Հիւպատոս ապա 1983ին Անգարայի մէջ։1985ին Հռոմ վերադառնալով 1987ին կ՝անուանուի Գոիրայի Հիւպատոս(Զուիցերիա) իսկ 1991ին Հիւպատոս Լիւսսէմպուրկի,եւ մինչեւ 2007ը գտնուած է այլ երկիրներ որպէս Իտալիոյ Հիւպատոս։։Պրունօ Ըսքափինի 1994ին անուանուեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Պատուոյ Ասպետ։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ։ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 20-21 յունիս աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի մեկնի՝ Ստեփանակերտի մէջ Պրիճ Արցախ տնտեսական համագումարին մասնակցելու նպատակով։

Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան անդամներուն հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերտեան, քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։



ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿԼՆԱԲԱՆԷ ԱՀՄԷՏ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ ՝՝Տէ Ֆաքթօ՝՝ ակումբին մէջ տեղի ունեցած բանավէճի մը ընթացքին մեկնաբանեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ ՝՝Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պաղ պատերազմի հանգրուանը աւարտած է, եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ կը բացակայի արդէն թշնամի հասկացողութիւնը եւ Անգարայի մէջ կը սպասեն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան՝՝։ Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւններով չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պիտի բնորոշուին։ Եթէ թշնամական մօտեցումները Թուրքիոյ կողմէ իսկապէս վերջ գտած են, ապա փաստացի ապացոյցներ պէտք են, նուազագոյնը՝ շրջափակման վերացումը, իսկ շրջափակումը, ըստ միջազգային իրաւունքին, ոչ թէ պաղ պատերազմի, այլ՝ պատերազմի միջոց է։ Հետեւաբար, Տաւութօղլուի ըսածները թրքական դիւանագիտութեան հերթական ճարպիկութիւնն են(աւելցուցած է Մանոյեան) ։








All the contents on this site are copyrighted ©.