2009-06-19 13:36:47

Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտի ամիս է եւ Oր քահանաներու սրբութեան։


Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտի ամիս է`

Յունիս 19 տօն Յիսուսի Ս. Սրտի ըստ լատինաց եւ քահանաներու սրբութեան օր։

Յիսուսի 12 խոստումները տրուած անոնց, որոնք մասնաւոր ջերմեռանդութիւն ունին իր Սուրբ Սրտին հանդէպ.

1. Անոնց պիտի տամ իրենց վիճակին հարկաւոր բոլոր շնորհքները։

2. Խաղաղութիւն պիտի հաստատեմ անոնց տուներէն ներս։

3. Պիտի սփոփեմ զիրենք իրենց վիշտերուն մէջ։

4. Պիտի ըլլամ անոնց ապաւէնը, իրենց կեանքին ընթացքին, մանաւանդ մահուան ժամուն։

5. Առատ օրհնութիւն պիտի թափեմ անոնց ձեռնարկներուն։

6.Մեղաւորները իմ սրտիս մէջ պիտի գտնեն աղբիւրը եւ անսահման ովկեանոսը գթութեան։

7. Գաղջ հոգիները պիտի ջերմանան։

8. Եռանդուն հոգիները դիւրաւ պիտի հասնին կատարելութեան։

9. Անձամբ պիտի օրհնեմ ամէն տուն, ուր կախուած ու յարգուած է իմ սուրբ սրտիս պատկերը։

10.Քահանաներուն պիտի պարգեւեմ ամենակարծր սրտերը շարժելու շնորհքը։

11. Այս ջերմեռանդութիւնը տարածող անձերուն անունները գրուած պիտի ըլլան իմ Սրտիս մէջ ւ երբեք պիտի չջնջուին։

12. Բոլոր անոնց որոնք ինը ամիս յաջորդաբար ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը պիտի հաղորդուին` կը խոստանամ շնորհել մահուան ժամուն զղջումի շնորհքը։ Ու սիրտս իրենց խաղաղ ապաստանարանը պիտի ըլլայ այդ վերջին պահուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.