2009-06-19 13:21:46

Իրաքի առաջնորդ' Աւագ արք.Ասատուրեանի պատարագը Փասատինայի Ս.Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ


Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 7 Յունիս 2009ին, մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան իւրայատուկ պատարագի արարողութեան մը, զոր մատոյց Իրաքի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան։ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ զինք հիւրընկալած ըլլալուն համար, ապա տուաւ իր քարոզը՝ հայերէնով եւ անգլերէնով:Յաւարտ Ս. պատարաքին հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էր՝ ի պատիւ սրբազանին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի կարգ մը աշակերտներ փոքրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին եւ ապա Իրաքի առաջնորդ սրբազանը տեղեկութիւններ փոխանցեց իրաքահայ գաղութի ներկայ վիճակին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.