2009-06-18 14:44:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Հինգշաբթի 18 յունիս 2009-ին,ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը' տիար Ժորժ Ապելան, իր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վենեզուելլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց գերերջանիկ Ապունա Պուլոս՝ Եւթոպիայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքը։



Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը Անտիոքի Ասորի Եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք` գերերջանիկ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունանի, որ իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կը կատարէ Վատիկան։



Սրբազան Քահանայապետը, իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց ՜՜սերտ միութիւնը որ կայ ընդմէջ Հռոմի եպիսկոպոսին եւ քրիստոնեայ արեւելեան աւանդութեան՝՝։ Ապա սրբազան հայրը ողջունեց եւ սիրալիր խօսք մը ուղղեց նորընտիր պատրիարքին ընկերացող հաւատացեալներուն, յայտնելով իր հոգատարութիւնը հանդէպ Արեւելքի բոլոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն նաեւ՝ քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց յանձնուած եկեղեցական առաքելութիւնը, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, կերտելու եւ հաստատելու՝ ամենուրէք, միութիւնը եւ խաղաղութիւնը։



Ուրբաթ 19 Յունիս 2009, Տօն՝ Յիսուսի Ս. Սրտին, ըստ լատինաց ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը յետմիջօրէին՝ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ որուն ընթացքին պիտի հռչակէ քահանայական տարին, ի պատիւ՝ Արսի Սուրբ Քահանայ` Ժան-Մարի Վիաննէի անոր մահուան 150րդ տարելիցին առիթով։ Նորին սրբութիւնը այդ առթիւ Արսի սուրբ քահանան պիտի հռչակէ ՜՜Պաշտպան Սուրբը աշխարհի բոլոր քահանաներուն՝՝։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր քահանաներուն։

Հայրական իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քահանաները որ ներքին յանձնառումով մը՝ վերանորոգեն իրենց ուխտը հանդէպ Յաւիտենական Քահանային`Քրիստոսին. աւետարանական վկայութիւն տալով իրենց շրջապատին։ Քահանան, կը կարդանք նամակին մէջ, մեծ պարգեւ մըն է ոչ միայն Եկեղեցւոյ այլ նաեւ համայն մարդկութեան։ Նամակին աւարտին Սրբազան հայրը կը մէջբերէ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետին խօսքը. ՜՜Ժամանակակից մարդը աւելի յօժարակամ կ'անսայ վկաներուն քան վարդապետներու խօսքերուն, եւ եթէ վարդապետներուն մտիկ կ՝ընէ, պարզապէս, որովհետեւ անոնք վկաներ են՝՝։ Նորին Սրբութիւնը իր նամակը կ'եզրափակէ գրելով. ՜՜Սիրեցեալ քահանաներ, Քրիստոս ձեզի վստահած է իր Աւետարանը, Արսի սուրբ քահանային նման, դուք եւս՝ հետեւեցէք Քրիստոսի, որպէսզի ձեր կարգին, դառնաք ՜՜պատգամաբերները յոյսի, հաշտութեան ու խաղաղութեան՝՝։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.