2009-06-18 14:46:07

Լուրեր հայկական կեանքէն

Նոր չափանիշներ ուսուցիչներու վերապատրաստման համար։


Կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններուն բարեյաջող ընթացքին համար, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի կարծիքով, շատ կարեւոր է, որ համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնող մարդիկ ըլլան նոր չափանիշներու եւ նոր որակական խնդիրներու համապատասխանող։ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցող աւագ դպրոցի ուսուցիչներու որակաւորման բարձրացման դասընթացքներուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին նախարարը յայտնած է, որ թէ՛ մանկավարժներուն եւ թէ՛ տնօրէններուն վերապատրաստման ծրագիրը հանրակրթական դըպրոցներու կայացման հարցին մէջ կը դիտուի իբրեւ անկիւնաքարային կարեւորութեան միջոցառում։ Աւագ դպրոցներու ցանկին մէջ, ըսած է նախարարը ընդգրկուած 36 դպրոցները քայլ մը առաջ կ՛անցնին՝ հանրակրթութեան որակը բարձրացնելու համար, իսկ մանկավարժները՝ Ամենամեծ եւ ամենաթանկ մարդկային գործօնն են, որոնց վերապատրաստման համար գումարներ կը ծախսուին։

ՀԲԸՄը Չորս Աստղանի Վարկանիշ Կը Ստանայ

Չէրիթի նէվիկէյթըր» Մարդասիրական կազմակերպութեանց աշխատանքները քննող հիմնարկը, 2 Յունիս 2009 թուակիր գնահատագիրով մը չորս աստղանի վարկանիշ շնորհած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, ինչ որ բարձրագոյն դասաւորումն է նման կազմակերպութեանց համար:

Ըստ հիմնարկին, չորս աստղանի վարկանիշ ստացող կազմակերպութիւնները որակաւոր գործունէութիւն կը ցուցաբերեն եւ սահմանուած չափանիշները կը գերազանցեն:

 Հիմնարկը դրուատած է ՀԲԸՄը՝ ըսելով, որ «Կարողութիւնը ունի իր ունեցած նիւթական միջոցները արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ ուրճացնելու», որուն շնորհիւ կազմակերպութիւնը արժանացած է «հանրութեան լիակատար վստահութեան»:

 1951ին հաստատտուած «Չէրիթի նէվիկէյթըր» կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող աւելի քան 5000 բարեգործական կազմակերպութեանց գործունէութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.