2009-06-18 14:41:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱՀԱԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ՍՈՒՐԻԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅ - ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ(Կ'ԸՍԷ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏ)։ Երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սկսաւ Հայաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան։ Նախագահ Ասատ Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցաւ լսելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարծիքը Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ։ Երկու նախագահներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սուրիոյ նախագահը ըսաւ թէ ՝՝այս հարցը, ի հարկէ, որոշ առումով խրթին է, բայց մենք կը փափաքին , որ անիկա աւելի չբարդանայ ,մենք Միջին Արեւելքի մէջ մեր փորձառութենէն մեկնելով, կը տեսնենք, որ այսպիսի պարագաներուն, աւաղ, հարցը աւելի կը բարդանայ, եւ անոր լուծումը աւելի կը դժուարանայ՝՝( ըսաւ Ասատ)։ Ան նշեց, որ շուտով Ազրպէյճան պիտի այցելէ եւ իրեն համար շատ կարեւոր էր լսել Հայաստանի դիրքորոշումը այս մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շրջագիծին մէջ Սուրիոյ նախագահը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի տագնապին՝ ըսելով, թէ ինք Իսրայէլի մէջ չի տեսներ գործընկեր մը, որուն հետ կարելի ըլլայ բանակցիլ ,բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է դադրեցնենք գործընթացը։ Երբ իրապէս այդպիսի գործընկեր գոյութիւն ունենայ, ապա խաղաղութեան գործընթացը յառաջ կընթանայ(ընդծեց նախաահ Ասատ)։ Իր կարգին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ հայութեան հետ Սուրիոյ կապը իւրօրինակ է, քանի որ Ցեղասպանութեան տարիներուն Սուրիա եղաւ այն երկիրը, որ գրկաբաց ընդունեց հայերը։ Հայաստանի նախագահը սակայն նկատեց, որ թէեւ մշակութային կապերը լաւ զարգացած են, սակայն լուրջ անհրաժեշտութիւն կայ առեւտրա-տնտեսական կապերը բարելաւելու։ Ըստ անոր, հանդիպման ընթացքին կնքուած միջ-պետական համաձայնագիրներու իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ աշխուժացնել այդ յարաբերութիւնները։ Սուրիոյ նախագահը երէկ նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ Հայ համայնքին մասին,նշելով, թէ սուրիահայութիւնը գաղութ չէ, այլ՝ հայերը Սուրիոյ քաղաքացիներ են, որոնք համարկուած են Սուրիոյ կեանքին եւ մշակոյթին մէջ, սակայն միաժամանակ պահած են իրենց ազգային նկարագիրն ու մշակոյթը։Այսօր Հինգշաբթի, բացումը տեղի կունենայ հայ-սուրիական գործարարական կարեւոր խորհրդաժողովին, որու բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի եւ Սուրիոյ նախագահները եւ գործարարներ։ Յայտնենք, որ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին չէ նախատեսուած նախագահ Ասատի այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ։

ԴՐԱԿԱՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ։ Ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի 90-րդ յօդուածի 3-րդ կէտին, երէկ գումարուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի դռնփակ նիստը, Դաւիթ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յանձնախումբը քննարկեց ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու մասին Հայաստանի նախագահի առաջարկը, որ արժանացաւ յանձնախումբի դրական եզրակացութեան։



Հայաստանի Վարչապետը Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ կը քննէ ԱՄՆի աջակցութեան ծրագիրները։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ընդունած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչը ու ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն տոքթ. Ճաթինտըր Չիմայը։ Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած լուրին, զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան առնչուող շարք մը խնդիրներ, մանաւանդ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացող աջակցութեան ծրագիրները։ Միւս կողմէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունիս 17ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Յատկացումներու այն ենթայանձնաժողովը, որ կը զբաղի արտաքին օժանդակութեանց հարցերով, որոշած է Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան տնտեսական օժանդակութիւնը պահել նախորդ տարեշրջանի մակարդակին (48 միլիոն տոլար)՝ միաժամանակ աւելցնելով Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը, զայն հասցնելով 10 միլիոն տոլարի, ինչ որ աննախընթաց գումար մըն է Արցախի համար: Ենթայանձնաժողովը նաեւ որոշած է անխախտ պահել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը, իւրաքանչիւրին 3 միլիոն տոլարի ռազմական նպաստ տրամադրելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.