2009-06-17 14:49:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Չորեքշաբթի յունիս 17 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին։ Այսօր ներկայացուց կիւրեղ եւ Մեթոտիոս ս. եղբայրները։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

կիւրեղ եւ Մեթոտիոս ս. եղբայրները ծնած են 9-րդ դարու սկիզբերը, յատուկ կոչում ունեցան Սլավ եղբայրներու մօտ։ Կիւրեղ Ս Գրիգոր նազիացիէն սորվեցաւ արժէքը լեզուին աստուածային Յայտնութեան փոխանցումին համար։ Հետելով ս. Գրիգորին Աստուծմէ խնդրեց շնորհք Սլավ լեզուն սորվելու։ Երկու սուրբ եղբայրները նախ սլավ գիրերը յօրինեցին եւ ապա ծէսը սլավով գրեցին, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական շատ մը գիրքեր։ Այսպէս ի յայտ եկաւ կիւրեղեան լեզուն։ Ասիկա եղաւ վճռական դէպք մը սլավ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ծաւալումին։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները այն համոզումը ունէին թէ կարելի չէ ազգի մը համար ճանչնալ Յայտնութիւնը եթէ ոչ սեփական լեզւով։

Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս կը ներկայազնեն դասկան օրինակը մշակոյթի պատշաճացումին։ Ամէն ազգ իր լեզւով պէտք է ներմուծել յայտնուած պատգամը եւ անով յայտնէ փրկարար ճշմարտութիւնը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երկու սուրբ եղբայրները` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոսը հռչակեց Եւրոպայի համապաշտպան սուրբէերը ս. Պենետիկտոսի հետ միասին։

. Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրներու վկայութիւնը բոլորիդ ըլլայ լոյսի եւ յոյսի աղբիւր որպէսզի հաստատ մնաք հաւատքի մէջ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ ուրբաթ օրը 19 Յունիս 2009ին, տօն Յիսուսի սուրբ սրտին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, պիտի հանդիսապետեմ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ որուն ընթացքին, պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարեմ քահանայական տարւոյն, որ ունի որպէս բնաբան. ''Քրիստոսի հաւատարմութիւնը, քահանային հաւատարմութիւնը''։ Յայտնենք թէ քահանայութեան այս յատուկ տարին, 19 յունիս 2009 էն- 19 յունիս 2010, 150րդ տարելիցն է Գիւրէ տ`Արսի կամ սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէի մահուան։ Այս արարողութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուին սուրբին աճիւնները։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ներկայացուց Անտիոքի կաթողիկէ ասորիներու նոր ընտիր պատրաիքը գերերջանիկ Ինքանատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան, որուն կ'ընկերանան զանազան երկիրներէն եկած ասորի հաւատացեալներ։ Ասորի կաթողիկէ եկեղեցին ամուր կը պահէ իր կապերը Հռոմի Աթոռին հետ։

իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-ին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.