2009-06-17 14:26:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին,այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր կնոջ հետ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ այսօր նախագահի նստավայրին մէջ տեղի կ'ունենայ Սուրիոյ նախագահը դիմաւորելու պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը յաջորդէ նախագահներու դռնփակ հանդիպումը։ Այնուհետեւ տեղի կ' ունենայ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որմէ ետք կը ստորագրուին միջ-կառավարական փաստաթուղթեր։ Հայաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարները հանդէս պիտի գան միացեալ մամլոյ ասուլիսով մը։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի հիւրընկալուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Վաղը, Հայաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ-սուրիական գործարարական հաւաքի բացման արարողութիւնը։ Հայաստան այցելութեան օրերուն Սուրիոյ նախագահը նաեւ Մատենադարան պիտի այցելէ։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐԵՍՔՈԹԸ ԵՒ ՔՈԼՈՄՊԻԷՆ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի

Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի համազեկուցողներ՝ Ճոն Փրեսքոթը եւ Ժորժ Քոլոմպիէն։ Համազեկուցողներու այցելութեան նպատակն է խորհրդարանական վեհաժողովի յունիսեան նստաշրջանէն առաջ դիտարկել Հայաստանի կողմէ թիւ 1609, 1620 եւ 1643 բանաձեւերու գործադրութեան ընթացքը։

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Եւրոպական Խորհուրդին հետ Հայաստանի գործակցութիւնը եւ ըսած ՝՝Կը կարծեմ, որ այս ժամանակահատուածը ցոյց տուաւ, որ մեր երկիրը պատրաստ է կատարելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնները՝՝։



ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԱՆԳՆԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՔԻՆ (Կ'ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ)։

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը։ Ողջունելով իր արցախցի գործընկերը՝ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ վերջին շրջանին յատկապէս աշխուժացած են Հայաստանի եւ Արցախի օրէնսդիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան փոխադարձաբար յստակացնելու դիրքորոշումները, յանուն՝ միասնական ազգային նպատակներու։ Այդ ծիրին մէջ ան յատկապէս կարեւոր նկատեց մասնագիտական յանձնախումբերու միջեւ ուղղակի կապերու զարգացումը։ Յովիկ Աբրահամեան շեշտեց, որ Հայաստանի Ղեկավարութիւնը, Խորհրդարանը եւ ամբողջ Ժողովուրդը կանգնած են Արցախի կողքին՝ յանուն Հայ Ժողովուրդի ինքնորոշման ու վերամիաւորման արդար դատին։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼ։ Հայաստանի Ազգային ժողովը 19 յունիսին պիտի քննարկէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու մասին։ Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ օր Խորհրդարանի արտահերթ նստաշրջան գումարելու մասին որոշումը ստորագրած է Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան։ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ գումարուելիք նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է միայն ՝՝համաներման՝՝ հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.