2009-06-15 13:45:23

Լուրեր հայկական կեանքէն

Գերմանիոյ մէջ կը ցուցադրուի իրանահայ արուեստագէտներ Հայր ու Որդի Սեւրուգեաններու գործերը


 Ֆրանքֆուրթի մէջ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերի 6ին ( 2008) բացումը կատարուած իր ցուցահանդէսին ուր ցուցադրուած էին իրանահայ դասական լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուգեանի եւ իր նշանաւոր որդւոյն՝ Անտրէ Սեւրուգեանի (Դարվիշ) գեղանկարչական գործերէն 90 նմուշներ իրանական թեմաներով, կը շարունակուին ցուցադրուիլ մինչեւ ընթացիկ տարւոյն՝ 2009ի Յուլիս 7-ն։

 Ցուցահանդէսը կը կոչուի «Սեւրուգեան կամ արեւելեան պատկերներ՝ լուսանկարով եւ գեղանկարչութեամբ, 1880-1980թթ.»: Անիկա կազմակերպուած է Ֆրանքֆուրթի Համաշխարհային մշակոյթներու թանգարանէն ներս՝ համագործակցութեամբ «Լորշըլ» մենաստանի Աշխարհի մշակոյթներու պատմական նմուշներու պահպանման յանձնախումբին: Ցուցադրուած նմուշները կը պատկանին Անթուան Սեւրուգեանի թորան՝ դոկտ. Էմմանուէլ Սեւրուգեանի:

 Անթուան Սեւրուգեան (Սեւրուգին, 1840-1933) եղած է Ի. դարասկիզբի Իրանի լուսանկարչութեան առաջատարը, որմէ մնացած են շուրջ 2000 լուսանկարչական ապակիներ, իսկ գործերէն 7000ը՝ ցաւօք, ոչնչացած են Իրանի Սահմանադրական շարժման տարիներուն ընթացքին: Անոր լուսանկարները բազմակողմանիօրէն կը պատմեն 19րդ դարու Իրանի մասին: Իսկ անոր գեղանկարիչ որդիէն՝ Անտրէէն, (1894-1996), եւս յիշատակ մնացած են իրանական եւ հայկական թեմաներով մեծաքանակ ստեղծագործութիւններ: Անտրէի պարսկական թեմաներով մանրանկարներուն ստուար մասը կը պահպանուի Հնդկաստան, իսկ հայկական ստեղծագործութիւններէն (մոմանկարչութիւն) մեծ ժողովրդականութիւն ստացած է «Սայեաթ Նովա» շարքը:

Լուսինէ Խաչատրեանի համերգը Գերմանիոյ մէջ:

Վերջերս Մայնի Ֆրանքֆորթի միջազգային թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լուսինէ Խաչատրեանի համերգը Դաշնամուրային պոէզիա խորագրով։ Դաշնակահարուհիի մենահամերգի ծրագիրը կընդգրկէր Կոմիտասի, Պեթհովէնի, Շոփէնի եւ Տեպիւսիի ստեղծագործութիւններէն կտորներ։



ՀԲԸՄի համացանցային համալսարանը (Armenian Virtual College) կը պատրաստուի իր առաջին կրթաշրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամառ, Յունիս 15էն Օգոստոս 14ի միջեւ:

 Այս հանգրուանին պիտի տրամադրուին երեք դասանիւթեր՝ սկսնակներու համար արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն, ինչպէս նաեւ հայոց հնագոյն պատմութիւն: Իւրաքանչիւր դասանիւթի կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ վեց լեզուներով՝ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, սպաներէնով, արեւմտահայերէնով ու արեւելահայերէնով:

 Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար այցելել /a> համացամցային կայքը:



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Պէյրութի մէջ Քրիստոնեայ Իսլամ երկխօսութեան համագումարին։

՜՜Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը դէպի աշխուժացում՝՝ նիւթով համագումարը տեղի ունեցաւ 11 յունիս 2009-ին, Պէյրութի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Իրանի մշակութային կցորդութեան եւ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբին, Անտոնեան համալսարանին, Արաբական խմբակի իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան եւ Կրօնի ու փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին։

Համագումարին, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Սեպուհ արք Սարգիսեան ներկայացուց Արամ Ա կաթողիկոսը։ Նաեւ համագումարին մասնակցեցան մտաւորականներ, հոգեւոր պետեր եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ որոնք ելոյթ ունենալով կարեւորութեամբ անդրադարձան իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան աշխուժացման եւ ժողովրդականացման անհրաժեշտութեան՝ շեշտելով այն հիմնական ազդակները, որոնք կրնան նպաստել քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առաւել արդիւնաւէտութեան։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.