2009-06-15 13:29:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահի վերընտրութեան առթիւ՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհավորական ուղերձը Մահմուդ Ահմադինեժադին։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելու առթիւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը շնորհավորական ուղերձ մը յղեց Մահմուդ Ահմադինեժադին։ Արմենփրես-ին տեղեկացուցած ուղերձին մէջ սա պէս կը գրէ Հայաստանի Նախագահը։ ՝՝Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ վերընտրվելու առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ ես անձամբ ջերմորեն շնորհավորում եմ Ձեզ եւ Իրանի բարեկամ ժողովրդին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ։ Վստահ եմ, որ հետայսու եւս Ձեզ հետ միասին կը շարունակենք մեր համատեղ ջանքերը՝` տարբեր բնագավառներում հայ-իրանական յարաբերությունները խորացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Դա է թելադրում մեր ժողովուրդների աւանդական փոխադարձ յարգանքը՝՝։

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ 12 ԿԷՏԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՓԵԱԹֆՈՐՄԸ։ 12 Յունիսի հանրահաւաքին ընդդիմադիր Հայ Ազգային Քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան քաղաքական ուժերուն առաջարկեց միաւորուիլ 12 կէտէ բաղկացած փլաթֆորմի մը շուրջ,աւելցնելով, որ ՝՝մենք պատրաստ ենք ընդդիմութեան դաշտին մէջ գրկաբաց ընդունելու որեւէ կուսակցութիւն՝ չվախնալով մրցակցութենէն եւ չկորսնցնելով համագործակցութեան որեւէ առիթ՝՝։ 1 մարտի դէպքերուն հետեւանքները վերացնելու եւ արտահերթ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու կէտերէն զատ, փլաթֆորմը կ'առաջարկէ վիժեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ դնելու նպատակով հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման ՝՝դաւադիր՝՝ ծրագիրի իրականացումը, իշխանութիւններուն թոյլ չտալ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ ՝՝անհարկի՝՝ զիջումներու երթալ եւ ՝՝վերականգնել բանակցութիւններու նախկին ձեւաչափը, որուն մէջ, ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտեան վեհաժողովին սահմանած կարգավիճակով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հանդէս կուգ ար իբրեւ տագնապի լիիրաւ կողմ։ Տեղեկացնելով, որ Հայ Ազգային Քոնկրեսի յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 18 սեպտեմբերին, Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ փլաթֆորմը շահագրգիռ ուժերուն հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք, ենթակայ է փոփոխութիւններու ու լրացումներու եւ ամառը լրիւ բաւարար է այդ աշխատանքը կատարելու համար։

ԸՍՏ ՌՈՒՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆԻ ՄԸ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՊԱՇՏ ԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸՆ Է ԿԸ ԳՐԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔԷՋ ՄԸ։ Ըստ ազրպէյճանական ՝՝Today. Az՝՝ կայքէջին, ռուս քաղաքական վերլուծաբան եւ Ազային ռազմավարութեան հիմնարկի հիմնադիր Սթանիսլաւ Պելքովսքի կը յայտնէ, որ իբրեւ Մինսքի խմբակի չորրորդ համանախագահ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մասնակցութիւնը բաւական իրապաշտ սենարիօ մըն է։ Ան կը նշէ, թէ ՝՝Թուրքիա, որ իսլամականներու կողմէ կ'իշխուի, կը ջանայ շրջանին մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալ։ Մասնաւորաբար, Թուրքիա Հայաստանի հետ իր կապերը արագ կերպով կը բարելաւէ՝՝։ Ըստ անոր, ասիկա կուգ այ արտացոլելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդ մը դառնալու իր փորձը։ Նշենք նաեւ որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ Ազրպէյճանի Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոնին կազմակերպած ՝՝Թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները շրջանային ռազմաքաղաքական պարունակին մէջ՝՝ խորագիրով կլոր սեղանին ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հողերը ՝՝չազատագրուին։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ սա ներկայ պահուն անգործութեան համեմատութիւնը Ապրիլ-Յունիս ամիսներուն բարձրացած է 15.8 առ հարիւրի։ 2008-ի նոյն ժամանակահատուածին այդ համեմատութիւնը 11 առ հարիւր էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.