2009-06-14 10:06:53

Քահանայական տարւոյն բացում


Քահանայական տարւոյն բացում

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 19 Յունիս 2009ին, բացումը պիտի կատարէ քահանայական տարւոյն, այս առիթով պիտի ցուցադրուի՝ Գիւրէ տ`Արսի աճիւնները` անոր մահուան 150 ամեակին առիթով ։ Գիւրէ տ`Արսը հռչակուած է պաշտպան սուրբը աշխարհի բոլոր քահանաներուն,



Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, 19 Յունիս 2009ին, Տօն Յիսուսի սուրբ սրտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին, պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարէ քահանայական տարւոյն, որ ունի որպէս բնաբան. ''Քրիստոսի հաւատարմութիւնը, քահանային հաւատարմութիւնը''։

Յայտնենք թէ՝ քահանայութեան այս յատուկ տարին, 19 Յունիս 2009 էն մինչեւ 19 Յունիս 2010, Գիւրէ տ`Արսի կամ սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէի մահուան 150րդ տարելիցին առթիւ Սրբզ. արարողութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի սուրբին աճիւնները։

Յառաջիկայ տարի՝ (2010-ի) 19 Յունիսին,Նորին Սրբութիւնը պիտի եզրափակէ քահանայական տարին, մասնակցելով՝ քահանայական համաշխարհային ժողովին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Յոբելինական այս տարւոյն ընթացքին, Հռոմի Պապը Ս. Ժան-Մարի Վիաննէն՝ պիտի հռչակէ ՜՜պաշտպան սուրբը աշխարհի բոլոր քահանաներուն՝՝։

Իսկ կղերի ժողովը կը նախատեսէ հրապարակումը ուղեցոյցի մը, խոստովանահայրերու եւ հոգեւոր հայրերու դիտաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Քահանայական առաքելութիւնը'' վերտառութեամբ բնագիրներու հաւաքածոյ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.